ՄԵՐՔԷԼ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ արեւելեան Միջերկրականի լարուածութիւնը շատ վտանգաւոր կը համարէ։

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները տեսաժողովի մը ձեւաչափով քննարկեցին Սպիտակ Ռուսիոյ քաղաքական ճգնաժամը։ Հեռավար հաւաքի ժամանակ անոնք անդրադարձան նաեւ Միջերկրականի արեւելքի իրադրութեան։ «Արեւելեան Միջերկրականի լարուածութեան բերումով արտայայտեցինք մեր հասարակաց մտահոգութիւնը։  Ամէն ինչ պէտք է ընել լարուածութեան նուազեցման համար։ Կացութիւնը շատ վտանգաւոր է։ Մենք յայտնեցինք մեր զօրակցութիւնը՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի իրաւունքներու վերաբերեալ», ըսաւ Մերքէլ։

Յաջորդ ամիս կը նախատեսուի Եւրոմիութեան խորհուրդի ժողովը։ Ըստ Անկելա Մերքէլի, այս փուլին սեղանի վրայ պիտի դրուին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները եւ արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները, որոնք պիտի քննարկուին խորաթափանց ձեւով։ Մերքէլ համոզուած է, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ երկխօսութիւնը դարձեալ պէտք է սկսի։

Միւս կողմէ, Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը չի ճանչնար Սպիտակ Ռուսիոյ ընտրութիւններու արդիւնքը։ Իր խօսքով՝ ընտրութիւնները ո՛չ ազատ էին եւ ոչ ալ արդար։ Մերքէլ զգուշացուց նաեւ Ռուսաստանը՝ Սպիտակ Ռուսիոյ ուղղեալ հաւանական զինուորական միջամտութեան մը շուրջ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020