ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինումով Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի մատենադարանի ձեռագրատան ու հնատիպերու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ յետոյ յիշեալ բաժանմունքները սկսած են վերադասաւորման աշխատանքի:

Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրատան եւ հնատիպերու բաժանմունքներուն:

Նորին Սրբութիւնը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Ան գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ու մշակութային հարստութիւնը ներկայացնող ձեռագիրներուն ու հնատիպերուն նկատմամբ, շեշտեց, թէ հետեւողական կերպով ու բծախնդիր մօտեցումով ձեռագիրներու ու հնատիպերու վերադասաւորումը շուտով իր լրումին հասցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ իր անմիջական հսկողութեան տակ: 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020