ՄԱՀ՝ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ

Հայ իրականութիւնը կը սգայ զուիցերահայ ազգային բարերար Տիգրան Իզմիրլեանի կորուստը։ Ան իր սերունդի տիրական ու խորհրդանշական դէմքերէն մին էր, գործարար կեանքէ ներս արձանագրած էր մեծ յաջողութիւններ, որոնց արդիւնքէն լայն բաժին դուրս բերած էր հայութեան համար։ Վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցութեան տեսակէտէ հսկայական քայլեր առնուած էին Տիգրան Իզմիրլեանի կողմէ՝ համանուն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագրերու միջոցաւ։ Տիգրան Իզմիրլեանի ապահոված անփոխարինելի նպաստը համատարած գնահանքի արժանացած է։ Այդ բոլորին բերումով իրեն շնորհուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական հերոսի կոչումը։ Տիգրան Իզմիրլեանի բարեգործութիւնները կարեւոր դեր խաղացած են հայ իրականութեան արդի պատմութեան մէջ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամին կողմէ կը յատկացուին անոր միջոցները։ Այս հիւանդանոցը իսկապէս կոթողային առողջապահական հաստատութիւն մըն է Հայաստանի մէջ։

Հարկ է նշել, որ Տիգրան Իզմիրլեանի մահուան առթիւ ցաւակցականներ հրապարակած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Տիգրան Իզմիրլեան եղած է իր նախաձեռնութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ սիրոյ արտայայտման վառ օրինակ՝ նպաստելով մեր երկրին մէջ կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու զարգացման։ Տիգրան Իզմիրլեանի գործունէութեան արժանին մատուցելու եւ մեր գնահատանքը արտայայտելու նպատակով այս տարի անոր շնորհուեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւը՝ Ազգային հերոսի կոչումը։ Տիգրան Իզմիրլեան յաւերժ կը մնայ հայ ժողովուրդի արժանի զաւակը», նշուած է Նիկոլ Փաշինեանի ցաւակցականին մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2024