ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէս մը, որ ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ «Կո­մի­տաս» թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ բացո­ւե­ցաւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը կրէ «Կու­տի­նա­յի հայ­կա­կան յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տը» խո­րա­գի­րը։ Թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցուե­ցան յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տին վե­րա­բե­րեալ յատ­կան­շա­կան ու բացա­ռիկ բա­զում նմոյշ­ներ։ Հարկ է նշել, որ այդ նմոյշ­նե­րու շար­քին կը գտնուէին նաեւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի կարգ մը անձ­նա­կան ի­րե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016