ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի ՄԱԿ-ի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման առթիւ, կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման ժամանակ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցաւ ծաւալուն ելոյթ մը, որու բովանդակութեան մէջ շօշափեց Անգարայի տեսակէտէ առաջնահերթ միջազգային զանազան խնդիրներ։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան վրայ։ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է ապահովուի։ Իր խօսքերով՝ սա տարածքաշրջանային կայունութեան բանալին կը համարուի։ Այս պատճառով, Լեռնային Ղարաբաղի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ պէտք է գործադրուին շատ աւելի ճիգեր։

Հարկ է յիշեցնել, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ բոլորովին վերջերս համաձայնութիւն մը գոյացած էր՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլին այս խնդիրներուն շուրջ միասնաբար նախաձեռնութիւն ստանձնելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ նոր նստաշրջանի բացման փուլին մասնակից ղեկավարներուն ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ճաշկերոյթին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2017