«ԵՐԿՈՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԵԾ ՀԱՅ»

«Երկու Յովհաննէս՝ երկու մեծ հայ» ցուցահանդէսը նուիրուած է Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեաններուն։ Այսպէս, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետին՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակներուն նուիրուած ցուցադրութեան դէմ-դիմաց ներկայացուած էին երկու մեծ հայերու ընդհանրութիւններու, ճակատագրերու համընկնումներու մասին պատմող ցուցանմոյշներ՝ որպէս ընտանիքի հայրեր, զինուորներ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «Երկու Յովհաննէս՝ երկու մեծ հայ» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսը բացուեցաւ սեպտեմբերի 18-ին, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի մօտ: Բացման հանդիսութեան առթիւ արտայայտուեցաւ թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան։

«Անոնք լաւ բարեկամներ եղած են, սակայն շատ տարբեր բնաւորութիւններ ունեցած են: Անոնց ճակատագրերը շատ նման են՝ սկսեալ ծննդեան օրէն, մինչեւ մահ: Երկուքին ալ հայրերը քահանաներ էին: Անոնք մեծցած են Խաչատուր Աբովեանի գաղափարախօսութեամբ, երկուքն ալ ընդյատակեայ գաղտնի քաղաքական կազմակերպութիւններու անդամներ եղած են, ձերբակալուած են երիտասարդ տարիքին եւ ընտանիքի հրաշալի հայրեր եղած են», նշեց Նարինէ Թուխիկեան: Ան շեշտեց, որ երկուքի համար ալ հայրենիքը գերագոյն արժէք եղած է: Թուխիկեան պատմեց, որ Քաջազնունին ծնունդով էրզրումցի էր եւ կը պաշտէր զայն, իսկ Յովհաննէս Թումանեան  կը փառաբանէր Լոռին:

«Անոնց կեանքի ողբերգական մասը սկսաւ Մեծ եղեռնէն յետոյ։ Քաջազնունին մուտք գործեց քաղաքականութիւն: Թումանեան պաշտօններ չունէր, բայց անոր «պաշտօն»ը ամենաբարձրն էր. ան Ամենայն հայոց բանաստեղծն էր: Մինչեւ Առաջին հանրապետութեան ստեղծուիլը ստանձնեց հայութիւնը առաջնորդելու գործը, քանի որ ուրիշ մէկը չկար: Իբրեւ քաղաքացի, Թումանեան շատ հզօր էր: Քաջազնունին ալ հզօր վարչապետ էր: Ան բացառիկ բարոյական կերպար էր, եւ Քաջազնունիէն յետոյ ես չեմ յիշեր ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ, որ այդքան բարոյական ըլլայ», շեշտեց թանգարանի տնօրէնը:

Թուխիկեան ցաւով փաստեց, որ Քաջազնունիի 150-ամեակը Հայաստանի մէջ գրեթէ չի նշուիր: «Մենք իրաւունք չունինք անփոյթ ըլլալ նման մարդոց նկատմամբ», շեշտեց ան:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018