ԲԱՑՕԹԵԱՅ ԴԱՇՆԱՄՈՒՐ

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «ՓՈՒՇ» նախագծի համագործակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղադրուեցաւ բացօթեայ դաշնամուր մը։ Մարտիրոս Սարեանի արձանի հարեւանութեամբ տեղադրուած է այս բացօթեայ դաշնամուրը, զոր առաջին անգամ նուագեց հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։ Դաշնամուրի տեղադրման առթիւ երէկ Մարտիրոս Սարեանի պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն մը, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց։ Հարկ է նշել, որ բացօթեայ դաշնամուրը պատուած է գեղանկարով։ Այս դաշնամուրի խնամքին համար գործի կոչուած է պատասխանատու մը, որ անձրեւներու ժամանակ պիտի ծածկէ նուագարանը։

Երէկուան հանդիսութեան ընթացքին արտայայտուեցան նախարար Լիլիթ Մակունց եւ «ՓՈՒՇ» նախագծի կառավարիչ Սօնա Ասատրեան։ Իր կարգին, Տիգրան Մանսուրեանն ալ նշեց, որ դաշնամուրի զետեղուած այգին պիտի լեցուի երաժշտութեան միջոցաւ։ «Սա Մարտիրոս Սարեանի արձանի կողքին տեղադրուած է եւ ես վստահ եմ, որ ան շատ ուրախ պիտի ըլլար։ Ան, առհասարակ, լոյսի, գեղեցկութեան, հոգեւորի ջատագովը եղած է։ Մենք մեզի կ՚որոշենք մեր ճաշակը։ Սա գեղեցիկի հետ ապրելու նոր մօտեցում մըն է», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018