ԷՕԶՄԷՆԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած Ումութ Ալի Էօզմէնի կացութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու օրակարգը։ «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ումութ Ալի Էօզմէն երէկ պիտի դատուէր Հայաստանի մէջ։ Իր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն հեռախօսազրոյց մը ունեցած է որդւոյն հետ։ Ումութ Ալի Էօզմէն հօրը յայտնած է, որ պայուսակը հաւաքած է։

Ըստ Մուսթաֆա Էօզմէնի կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններուն, իր որդին երէկ յետմիջօրէի ժամերուն պիտի դատուէր Հայաստանի մէջ։ Մուսթաֆա Էօզմէնի կանխատեսումներով՝ ան ազատ պիտի արձակուէր եւ իրենք չորս աչքով կը սպասեն անոր երկիր վերադարձը՝ մանաւանդ, դպրոցներն ալ բացուած են։

Այդ դատավարութեան արդիւնքին շուրջ վերոյիշեալ աղբիւրները որեւէ հաղորդում չեն ըրած։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018