ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Թունիա Միյաթովիչ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Յանձնակատարը օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Միյաթովիչ նոր ստանձնած է այս պաշտօնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Թունիա Միյաթովիչ քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանէ ներս քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման, ընտանիքներու մէջ բռնութեան կանխարգիլման, հասարակութեան զանազան խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ներքին քաղաքական ընթացիկ զարգացումներուն։ Փաշինեան շեշտեց, որ վերջին ամիսներու ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն զուգահեռ հայ հասարակութիւնը կարեւորագոյն փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը կ՚ապրի։ Կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումներն ալ ուղղուած են մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման, ժողովրդավարութեան զարգացման ոլորտներէ ներս յառաջընթացի նոր մակարդակի ապահովման։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018