ԱՆԹԵՐԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Վերանորոգեալ վեհարանի բացման առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած արարողութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի նստավայրը իսկապէս ֆիզիքական պայմաններու եւ գեղարուեստական յարդարանքի տեսակէտէ շատ բարձր մակարդակի մը հասած է, ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ համայն հայութեան։ Կազմակերպուած բացման հանդիսութիւնն ալ այնքան անթերի եղած է, որ խոր տպաւորութիւն թողած է բոլորին վրայ։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019