ՈՉ ԵՒՍ Է ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԴԵՐԱՍԱՆ ՇԱՐԼ ԺԵՐԱՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսական շարժանկարի յայտնի ու համակրելի անուններէն դերասան Շարլ Ժերար (բուն անունով՝ Ժիրայր Աճէմեան)։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, ան երէկ իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։

Շարլ Ժերար 1922 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Համբաւաւոր դարձած էր աւելի քան հինգ տասնեակ ժապաւէններու մէջ ստանձնած երկրորդական դերերով։ Լաւագոյն ընկերն էր Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի, որու խաղակից եղած էր բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ։

Շարլ Ժերար նախքան դերասանութիւնը՝ 1960-ականներուն եղած էր բեմադիր։ Տեսախցիկին միւս կողմը անցած էր 1970 թուականին, երբ Քլոտ Լըլուշ անոր առաջարկած էր առաջին դերը՝ իր «Le Voyou» ժապաւէնին մէջ։

Շարլ Ժերար միջոց մը մարզական աշխարհի մէջ ալ փորձեր կատարած էր։ Փափաքած էր դառնալ արհեստավարժ կռփամարտ մը, սակայն իրերայաջորդ չորս մրցումներու մէջ կատարած չորս KO-ները շուտով վերջ դրած էին իր կիրքերուն։

97 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած արուեստագէտը պիտի յուղարկաւորուի յառաջիկայ օրերուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019