ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ կատարուած վերջին յարձակումները արդէն կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Շահագրգիռ բոլոր դերակատարներուն տեսակէտէ բաւական տագնապալի կացութիւն մը յառաջացած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ գործուած յարձակումներուն եւ առկայ ներխուժման հետեւանքով։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ շարունակ արձագանգներ կը բարձրաձայնուին առկայ կացութեան յաղթահարման նպատակով։ Մինչ Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթակներու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Պաքուի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ՝ համաշխարհային դերակատարներն ալ կը ջանան հարթել կացութիւնը եւ կողմերը վերադարձնել բանակցային սեղանի շուրջ։ Այս որոնումներու ծիրէն ներս երէկ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցան կարեւոր բանակցութիւններ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Հարկ է նշել, որ երկու նախարարները Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման առիթով։ Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողքին էին Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով իր տեղակալը՝ Քերըն Տոնֆրիտ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահը՝ Ֆիլիփ Ռիքեր, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Երեւան եւ Պաքու, նաեւ Էնթընի Պլինքընի յատուկ ներկայացուցիչը կը հանդիսանայ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները բաւական սահմանափակ հաղորդումներ կատարած են Նիւ Եորքի երէկուան բանակցութիւններուն մասին։ Այսպէս, հանդիպման ընթացքին նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը անընդունելի է, իսկ ապագայ մագլցումներու կանխարգիլման նպատակով պէտք է հաստատուին միջազգային դրութիւններ։ Արարատ Միրզոյեան կարեւորած է նաեւ մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ կարգաւորումը՝ ներառեալ ռազմագերիներու վերադարձը։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ ներգրաւուելու համար յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացին։ Եռակողմանի այս բանակցութիւններուն առընթեր, Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջանակին մէջ ան տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտի հետ։ Ան զրոյցի ընթացքին ներկայացուց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած բռնութեան մանրամասնութիւնները՝ մատնանշելով, որ յարձակումները ուղեկցուած են խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորմամբ, հայ զինուորներու եւ ռազմագերիներու դէմ վայրագութիւններու եւ խոշտանգումներու իրականացմամբ։ Միրզոյեան շեշտած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող բռնութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի հիմնարար դրոյթները։ Հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան խստօրէն դատապարտած է ուժի կիրառմամբ իր առաւելապաշտական նկրտումներուն հասնելու Ատրպէյճանի վարքագիծը՝ յատկապէս ընդգծելով այդ երկրի բռնութեան առընչութեամբ միջազգային հանրութեան յստակ ու հասցէական արձագանգի կարեւորութիւնը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ը, ինչպէս նաեւ այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս առկայ համապատասխան դրութիւններու հրատապ գործարկման անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման՝ ան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերը հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ լուծման նպատակով։

Միրզոյեան Շմիտի հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն՝ այդ ամբողջին մէջ մատնանշելով հայ ռազմագերիներու եւ միւս պատանդներու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։

Նիւ Եորքի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին, իր կարգին, Էնթընի Պլինքընն ալ ընդգծեց ապագայ ռազմական գործողութիւններու կանխման անհրաժեշտութիւնը։ Ան շեշտած է, որ խաղաղ գործընթացին վերադառնալը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ամերիկեան կողմը կը շեշտէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջին բախումներուն յաջորդած առաջին բանակցութիւնները եղած են երէկ Նիւ Եորքի մէջ Պլինքընի միջնորդութեամբ կազմակերպուածները։ Էնթընի Պլինքըն հանդիպման ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերուն համար։ Նախարարները քննարկած են ապագայ քայլերը, իսկ պետական քարտուղարը կողմերուն կոչ ուղղած է, որպէսզի ներկայ ամսուան վերջաւորութեան անգամ մը եւս հանդիպին։ Էնթընի Պլինքըն շեշտած է, որ դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը լաւագոյն ճանապարհն է իւրաքանչիւրին համար։ 

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՕՎԵՐՉՈՒՔ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Ռուս փոխ-վարչապետը այս առթիւ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճանապարհներու եւ երկաթուղիներու բացումը պայմաններ պիտի ստեղծէ, որպէսզի իր երկիրը շուրջ 4.5-5 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ներդրում կատարէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022