ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻ ՀՈԳՒՈՅՆ ՀԱՄԱՐ
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին ի յիշատակ քաղաքիս մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հոգեհանգստեան աղօթք մը։ Մինչ թագուհին Լոնտոնի մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ, նախօրէին քաղաքիս Անգլիական պալատի համալիրէն ներս, Սուրբ Հելէն մատրան երդիքին տակ միջեկեղեցական աղօթք մը կազմակերպուեցաւ՝ նախաձեռնութեամբ Անկլիքան եկեղեցւոյ քաղաքիս հոգեւոր հովիւին՝ Հայր Իըն Շըրուուտ Վարդապետին։ Այս արարողութեան մասնակցեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին եւ քաղաքիս այլ յարանուանութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Արարողութեան ընթացքին բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին նորոգ հանգուցեալ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի հոգւոյն ի հանգիստ։