ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անցեալ շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Ամսթերտամ, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հոլանտահայութեան կողմէ։ Ան մասնակցութիւն բերաւ Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 300-ամեակին ձօնուած յոբելենական տօնակատարութիւններուն։ Տ. Տարօն Եպսկ. Ճէրէճեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց շրջագծով Նորին Սրբազնութիւնը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը։ Հրանոյշ Յակոբեանն ալ ներկայացուց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ փոխանցուած ուղերձը։
Ամսթերտամի մէջ Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց «Գրիգոր Նարեկացի» կիրակնօրեայ դպրոցը, նաեւ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ մէկտեղուեցաւ հոլանտահայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ուղեւորութեան շրջագծով Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց նաեւ Ալմելօ, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեսակցեցաւ տեղւոյն հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, նաեւ կատարեց պարգեւատրումներ։
Այցելութեան ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեանին ընկերացաւ Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան։