ԿԷՈՐԿԻ ՄԱՐԿՎԵԼԱՇՎԻԼԻԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։ Մարկվելաշվիլի Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ հարցեր։ Ռիվլին պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր վրացի պաշտօնակիցը, որուն հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Երկու նախագահները գլխաւորեցին նաեւ ընդլայնուած ձեւաչափով բանակցութիւնները։
Մարկվելաշվիլի հրեայ պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Վրաստան Իսրայէլը կը դիտէ որպէս կարեւոր գործընկեր։ Ան միեւնոյն ժամանակ դատապարտեց ահաբեկչութեան ամէն տեսակ դրսեւորում։ Նախագահները արծարծեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու խորացման հեռանկարները։
Մարկվելաշվիլի, որ այսօր կ՚աւարտէ իր այցելութիւնը, տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյաուհի, Քնեսէթի նախագահ Եու. Էտելշթայնի եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ։ Վրացի ղեկավարը տեսակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ պատրիարքին հետ, այցելեց նաեւ Հոլոքոստի թանգարանը։
Միւս կողմէ, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Կէորկի Քվիրիքաշվիլի, որ նոր նշանակուած է իր պաշտօնին, երէկ պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Պաքու, ուր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ կը քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Հարկ է նշել, որ սա Քվիրիքաշվիլիի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է։