ՄԵՐՔԷԼ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԱԾ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի շա­բա­թա­վեր­ջին Թուր­քիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ յայտ­նի կը դառ­նայ, որ Իս­թան­պու­լի մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է նաեւ հայ­կա­կան հար­ցը։

Ըստ Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին, Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նած է, որ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է 1915-ի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու եւ ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ Գեր­մա­նիոյ Պուն­տես­տա­կին մօտ քննարկ­ման դրուած նա­խագ­ծին։ Այս առ­թիւ Տա­վու­տօղ­լու յի­շե­ցուց իր մօ­տե­ցու­մը, ո­րով ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այս նիւ­թը պէտք է ա­կա­դե­մա­կան հար­թու­թեան վրայ քննար­կուի յա­տուկ յանձ­նա­ժո­ղո­վի մը կող­մէ, ուր պէտք է գտնուին նաեւ գեր­մա­նա­ցի պատ­մա­բան­ներ։ Տա­վու­տօղ­լու Մեր­քէ­լի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին կրկնեց այս հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ թրքա­կան կող­մին պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէ­տը եւ ընդգ­ծեց, որ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն գեր­մա­նա­կան ու թրքա­կան կող­մե­րը դաշ­նա­կից­ներ էին, հե­տե­ւա­բար ա­նոնք պէտք է ներ­կա­յա­ցուած ըլ­լան պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին մօտ։ «Մենք կը փա­փա­քինք հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ պատ­մա­կան հաշ­տու­թիւն մը հաս­տա­տել ու պատ­րաստ ենք ա­մէն տե­սակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Իր կար­գին, Ան­կե­լա Մեր­քէլն ալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հաշ­տու­թեան հար­ցին շուրջ թրքա­կան կող­մին հետ աշ­խա­տե­լու ա­ռա­ջար­կին հա­մար։ «Կը կար­ծեմ՝ մենք կրնանք եւ աշ­խու­ժօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր աշ­խա­տանք­նե­րը», ը­սաւ Ան­կե­լա Մեր­քէլ։ Հարկ է նշել, որ Մեր­քէ­լի շփում­նե­րուն այս ե­րե­սա­կը լայն ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015