ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրագէտ ու գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» խորագրեալ գրքին ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մշակոյթի փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք բարձր գնահատանքով ու ջերմ զգացումներով շրջապատեցին հեղինակը, որ ծնած է Կիւմրիի մէջ, աշխատած՝ Իջեւան, այնուհետեւ ալ հաստատուած՝ Հալէպ։ Այսպէսով ան կուտակած է ուրոյն եւ բազմակողմանի փորձառութիւն, յաջողած է ստեղծել գեղեցիկ օրինակ մը։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց հայ արհեստաւորները եւ ըսաւ, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայ վարպետներու փորձառութիւնը անպայման պէտք է փոխանցուի Հայաստանի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն։ Ան ընդգծեց, որ Նորին Սրբազնութիւնը խրախուսած է այս գրքին հրատարակութիւնը։
Աւելի վերջ արտայայտուեցան՝ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, լրագրող Թորոս Թորանեան եւ արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան։ Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։
Իր կարգին, Հրազդան Թոքմաճեանն ալ յայտնեց, որ համայն հայութեան ապագան Հայաստանի մէջ է։ Ան առաջարկեց, որ հայ հետազօտողներն ու արուեստաբանները ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնեն այն համբաւաւոր հայ արհեստաւորներու ընտանիքները, որոնց անունները կը տողանցեն իր գործին մէջ։