ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Արցախի Պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցուցակին մէջ ներկայիս հաշուառուած է շուրջ չորս հազար յուշարձան։ Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութենէն (ՊՈԱԿ), Արցախի Մշակոյթի նախարարութեան Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան (ՊՈԱԿ) գիտական գծով փոխ-տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան կը կարեւորէ Արցախի տարածքէն ներս յուշարձաններու մանրամասն հետազօտութիւնը։

Այդ նկատառումներէն մեկնելով վերջին տարիներուն աւելցած է հետազօտուող յուշարձաններու թիւը։

«Արցախի մէջ պեղումներու առումով բաւական յագեցած էր 2017 թուականը։ Ուսումնասիրուած է ինն յուշարձան՝ Տիգրանակերտը, Ծմակահողի Ս. Ստեփանոսի դամբարանը, Դադիվանքը (այս երեք յուշարձաններուն մէջ աշխատած է Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբը՝ Փրոֆ. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ), Քարինտակի Ալեքսանա Ղուզէ քարաձնաւը (արշաւախումբի ղեկավար Փրոֆ. Եպիսկոպոսեան), Միրիկ գիւղի ամրոցը (Քաշաթաղի շրջան, արշաւախումբի ղեկավար Փրոֆ. Աւետիսեան), ինչպէս նաեւ Շուշիի Վերին մզկիթը, Շուշիի Մեղրեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին, Քարագլուխ գիւղի գերեզմանատունը (Հադրութի շրջան) եւ Տող գիւղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին (վերջին չորս յուշարձաններուն մէջ աշխատած է ՊՈԱԿ-ի արշաւախումբը՝ ղեկավարութեամբ Երանեանի)։

«Պեղուող յուշարձանները կ՚ընդգրկեն Արցախի գրեթէ ամբողջ տարածքը եւ կը վերաբերին տարբեր ժամանակաշրջաններու։ Վերջին տարիներուն մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ աճած է նաեւ Արցախի բնակչութեան հետաքրքրութիւնը, այսօր անոնք աւելի շատ տեղեկութիւն ունին հայրենի յուշարձաններու մասին։ Բացի վերոնշեալ յուշարձաններու պեղումներէն, որոշ հետախուզական աշխատանքներ կը տարուին նաեւ զանազան քաղաքներու կողմէ պատահական յայտնաբերուած գտածոներու տարածքներուն մէջ։

«Կ՚ուզեմ յատկապէս ընդգծել, որ պեղումներու զգալի մասը իրականացուած է մասնաւոր ներդրողներու միջոցով, ինչ որ կը փաստէ, թէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ հոգատարութիւնը աւելցած է։ Տարին դեռ չէ աւարտած, եւ հնագիտական հետազօտութիւնները դեռ պիտի շարունակուին Արցախի մէջ», ըսաւ Նժդեհ Երանեան։ Ան տեղեկացուց նաեւ, որ մինչեւ այսօր պեղուած յուշարձանները կը ներառեն քարի դարէն մինչեւ միջնադարը ընդգրկուող ժամանակահատուածը։

Արցախի մէջ իրականացուող հնագիտական պեղումներուն մասնակցած են նաեւ (Տիգրանակերտի տարածք) Երեւանի Պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի ուսանողները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017