ԸՍՏ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ, ՕՍՄԱՆ ՔԱՎԱԼԱՅԻ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՊԱՀԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ

Գործարար Օսման Քավալայի հսկողութեան տակ առնուելուն արձագանգները կը շարունակուին։ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութեան ղեկավար Քավալա նախընթաց օր Կազիանթէպէ Իսթանպուլ վերադարձին Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ հսկողութեան տակ առնուելով տարուած էր հարցաքննութեան։ Եօթ օրուան ժամկէտով հսկողութեան տակ առնուած Քավալայի պարագային երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցում մը ուղղուեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Ի պատասխան՝ նախարարը յայտնեց, որ Քավալայի պարագային ձեռնարկուած հարցաքննութիւնը խորհրդապահական է։

Ըստ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներուն, Օսման Քավալայի կողակիցը՝ Փրոֆ. Այշէ Պուղրան ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ու տեղեկացուց, որ խնդրոյ առարկայ է թիւրիմացութիւն մը։ Իր խօսքերով՝ խնդիրը տակաւին հարցաքննութեան փուլի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար իրենք համոզուած են, թէ ճիշդ չէ աճապարանքով արժեւորումներ կատարել։ «Մնաց, որ մենք կը հաւատանք, թէ հարցաքննութեան շնորհիւ դատական իշխանութիւնները շուտով պիտի սրբագրեն այս թիւրիմացութիւնը», ըսաւ ան։

Օսման Քավալայի հսկողութեան տակ առնուիլը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017