ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

«Հայաստան եւ Իրան. հողի յիշողութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի Պատմութեան եւ Իրանի Ազգային թանգարաններու համաժամանակեայ (Ք. Ա. 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ Ք. Ա. առաջին դար) նմոյշներ։ Իրանի Ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 2018 թուականի Յունուարի 17-ը։

Թեհրանի մէջ Հոկտեմբերի 17-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Պատմութեան եւ Իրանի Ազգային թանգարաններու համատեղ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցելու համար Իրանի Փոխ-նախագահ Ալի Ասղար Մունեսանի հրաւէրով Իրան ժամանած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Այս ձեռնարկի նախապատրաստման եւ կազմակերպման աշխատանքներուն այլ պետական կառոյցներու կողքին էական մասնակցութիւն բերած է Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը ցուցադրութեան ներկայացուցած է նախաուրարտական, ուրարտական եւ յետուրարտական ժամանակաշրջանի 103 բացառիկ պատմամշակութային մեծարժէք ցուցանմոյշներ։ Իրանի Ազգային թանգարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Իրանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Գրիգորեան, Իրանի Փոխ-նախագահ եւ Մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Ալի Ասղար Մունեսան, նշուած կազմակերպութեան նախագահ տեղակալ Մուհամմէտ Հասան Թալեպիան, Իրանի Ազգային թանգարանի տնօրէն Ճեպրաիլ Նոկանտէ եւ շարք մը այլ պաշտօնեաներ, բազմաթիւ երկիրներու դեսպաններ, միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան, սրբազան հայրեր, իրանահայ համայնքէն դէմքեր, մշակութային եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Իրան կատարած այցելութեան շրջանակներէն ներս նախարար Արմէն Ամիրեան հանդիպումներ ունեցած է Ալի Ասղար Մունեսանի եւ Իրանի Մշակոյթի եւ իսլամական առաջնորդութեան նախարար Սէյէտ Ապաս Սալեհիի հետ։

Հանդիպումներու ընթացքին Արմէն Ամիրեան հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով, որոնք կը վերաբերէին շարժարուեստի, գրահրատարակչական, թատերական, թանգարանային եւ մշակոյթի այլ ոլորտներու։

Հանդիպումներէն յետոյ Արմէն Ամիրեան Երեւանի մէջ ամփոփած է իր ներկայացուցած առաջարկները, որոնցմէ շատերու շուրջ նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան.

Եռակողմ աշուղական փառատօնի կազմակերպում (Հայաստան, Իրան եւ Վրաստան),

- «Գորիսը՝ ԱՊՀ 2018 թ. մայրաքաղաք» ծրագրին նաեւ Իրանի մասնակցութիւնը,

- Հայ-իրանական համատեղ սիմֆոնիկ նուագախումբի ստեղծում, որ համերգներ կ՚ունենայ ոչ միայն Հայաստանի եւ Իրանի, այլեւ այլ երկիրներու մէջ,

- Ֆիրտուսի «Ռուստամ եւ Զօհրապ»ի հայերէն ներկայացման բեմադրութիւն՝ պարսկերէն լուսագրերով,

- Իրանական ֆիլմերու արտադրութիւն Հայաստանի մէջ, երբ կ՚ընդունուի Շարժանկարի մասին Հայաստանի օրէնքը,

- Հայկական հէքեաթներու պարսկերէն տպագրութեան եւ պարսկական հէքեաթներու հայերէն հրատարակում, գիրքերու բաժանում գրադարաններուն՝ փոխադարձութեան սկզբունքով,

- Մշակութային յուշանուէրներու համատեղ ձեռնարկութեան ստեղծում Հայաստանի մէջ,

- Հայկական գորգի ցուցահանդէս Իրանի գորգի թանգարանին մէջ,

- Մարտիրոս Սարեանի գործերու ցուցահանդէս Իրանի մէջ,

- Հայաստանի եւ իրանցի ժամանակակից արուեստի համատեղ ցուցահանդէս, որ կը ներկայացուի թէ Հայաստանի եւ թէ Իրանի մէջ,

- Իրանի Կոլեստանի թանգարանէն ցուցանմոյշներու ներկայացում Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի տարածքէն ներս։

Ցուցադրուած նմոյշներու եւ ցուցահանդէսէն ստացուած արձագանգներու մասին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Գրիգորեան ըսաւ. «Ցուցադրած ենք նախաուրարտական, ուրարտական եւ յետուրարտական շրջանի 103 նմոյշ։ Պէտք է ընդգծեմ, որ Թեհրանի մէջ բնակող թէ՛ հայերու եւ թէ՛ իրանցիներու արձագանգները շատ դրական էին։ Անոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին մեր պատմութեան նկատմամբ»։ Ան շեշտեց, որ Իրանի ելեկտրոնային եւ տպագիր մամուլը լայնօրէն լուսանած է ցուցահանդէսը։

Գրիգոր Գրիգորեանի խօսքով՝ ինք զրուցած է Իրանի Ազգային թանգարանի տնօրէն Ճեպրաիլ Նոուկեանտէի հետ՝ զայն հրաւիրելով Հայաստան։ «Երբ ան գայ, կը քննարկենք նաեւ Հայաստանի մէջ նման հարուստ ցուցահանդէս մը կազմակերպելու հարցը։ Կը կարծեմ՝ հայ արուեստասէրներն ալ պէտք է Իրանի պատմամշակութային արժէքներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն ունենան», եզրափակեց Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017