ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ Թուրքիա կը կարեւորէ Իրանի հետ համագործակցութիւնը։

Երէկ, Պինալի Եըլտըրըմ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճիհանկիրին։ Այս առթիւ վարչապետը մատնանշեց, որ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը քառասուն տարիէ ի վեր գլխացաւ մըն է Թուրքիոյ համար եւ անոր դէմ աւելի արդիւնաւէտ պայքար մը մղելու ճանապարհին վրայ Անգարա կը կարեւորէ Թեհրանի հետ սերտ համագործակցութիւնը։ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ երէկ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ տարածքաշրջանի իրադրութեան, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի առկայ կացութեան վրայ։ Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի այլեւս դժուար թէ կարենայ գոյատեւել տարածքաշրջանէն ներս։

Չանքայայի ապարանքէն ներս կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմ շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Իրան ունին բարիդրացիական լաւ յարաբերութիւններ։ Երկու երկիրները կը բաժնեն նոյն աշխարհագրութիւնը, ունին հասարակաց պատմութիւն եւ մշակոյթ ու որպէս վաղեմի բարեկամներ՝ կը ձգտին երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի զարգացնել։ Վարչապետին խօսքերով՝ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ, որ երկու երկիրները բացարձակապէս դէմ պիտի ըլլան ամէն տեսակ նախաձեռնութեան, որով կրնան ոտնահարուիլ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։ Թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրաքի պարագային Թուրքիա եւ Իրան ունին հասարակաց զգայնութիւններ։ Երկու հարեւան երկիրներու այդ զգայնութիւնները կը վերաբերին նաեւ տարածքաշրջանի ապագային։

Էսհաղ Ճիհանկիրի, որ երէկ աւարտեց Անգարայի շփումները, այսօր ալ Իսթանպուլի մէջ կը մասնակցի Զարգացող ութ երկիրներու կազմակերպութեան (D-8) գագաթաժողովին։

ՌԱՔՔԱՅԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ խրախուսուած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը վերջին օրերուն իրենց հակակշռին տակ առին Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը, ուրկէ վտարեցին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը։ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու առանցքը կը կազմէ ԵՓԿ-ն, որ ՓՔՔ-ի շառաւիղն է Սուրիայէ ներս։ ԵՓԿ-ականները երէկ Ռաքքայի մէջ պարզեցին ՓՔՔ-ի առաջնորդ Էօճալանի մեծադիր պաստառը։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառեն Անգարային։ Թուրքիա միեւնոյն ժամանակ ահազանգ կը հնչեցնէ, որ ԱՄՆ-ի կողմէ զէնքի ու զինամթերքի մատակարարումներն ալ կը շարունակուին ի նպաստ ԵՓԿ-ին։

Այս բոլորի լոյսին տակ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան շատ խիստ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ TRT-էն ուղիղ եթերի ընթացքին։ Իր խօսքերով՝ ԱՄՆ իր թիկունքին առած է ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան դիրքորոշումը ծանրածանր արտայայտութիւններով քննադատեց Էրտողան եւ յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփին առաջարկած էր միասնաբար ոչնչացնել ԻՇԻՊ-ը, բացատրելով նաեւ Թուրքիոյ զինուորական պատրաստութիւնները։ Բայց եւ այնպէս ամերիկեան կողմը կը նախընտրէ աշխատիլ ՓԵՏ-ի հետ։ Այս բոլորի լոյսին տակ՝ Էրտողան ընդգծեց, որ թրքական կողմը կը պատրաստուի հարցաքննել ռազմավարական գործընկերութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017