ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի գաղթի, ներքին գործոց եւ քաղաքացիութեան հարցերով յանձնակատար Տիմիթրիս Աւրամափուլոսի հետ։ Հարկ է նշել, որ Նալպանտեան Պրիւքսել այցելեց Եւրոպայի հայկական չորրորդ համաժողովին առթիւ, որու ընթացքին ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան-Աւրամափուլոս տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ արդէն չորս տարիէ ի վեր մուտքի արտօնագրային  դրութեան դիւրացման շուրջ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ գործող համաձայնագրերու յաջող իրականացման կապակցութեամբ։ Այս ծիրէն ներս Նալպանտեան կարեւորեց ԵՄ-ի անդամ երկիրներու կողմէ Երեւանի մէջ հիմնադրուած վիզայի կեդրոններու աշխատանքներու բարելաւումը։ Նալպանտեան եւ Աւրամափուլոս քննարկեցին մուտքի արտօնագրային դը-րութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբի հնարաւորութեան վերաբերեալ հարցեր։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ յառաջիկայ Նոյեմբերին նախատեսուած ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի նախապատրաստութիւններուն շուրջ հարցեր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017