ՏԱՐԲԵՐ ԱԶԳԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ արդէն երրորդ անգամ տեղի կ՚ունենայ «Աշխարհի գոյները» փառատօնը՝ «Խճանկար» խորագրով։ Փառատօնի կազմակերպիչներէն Արման Կարապետեան նախընթաց օր կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ ան պիտի ըլլայ երաժշտական փառատօն։ «Նախորդ երկու տարիներուն փառատօնը ունեցած է ճշգրիտ նիւթ եւ կրած է «Մշակոյթը ընդդէմ պատերազմներու, ահաբեկչութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու» խորագիրը։ Այս անգամ պարզապէս ստեղծած ենք երաժշտական խճանկար, ուր կը ներկայացուին տարբեր ազգերու մշակոյթները», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, իր կարգին փառատօնի մասնակից Իրինա Թովմասեան շեշտեց. «Փառատօնը շատ լաւ կը կազմակերպուի եւ իր մէջ ունի շատ լաւ խորհուրդ, քանի որ երեխաները այս ձեւով մասնակից կը դառնան ժողովուրդներու արուեստը ներկայացնելու գործին»։

Իսկ մասնակիցներէն Արմէն Դալլաքեան ըսաւ, որ ան միշտ կը մասնակցի փառատօնին, քանի որ անոր կազմակերպիչը՝ Արման Կարապետեան միշտ  ըսելիք ունի։ «Անոր ըսելիքը այն է, որ մենք՝ հայերս, եւ մեր փոքրիկները կրնան կատարել եւ մատուցել տարբեր ազգերու երգարուեստը։ Մենք այսօր ունինք երեխաներ, որոնք իսկապէս կրնան մաքուր երգել այլ ազգերու երգեր», նշեց Դալլաքեան։

Արման Կարապետեան յայտնեց, որ ունին մասնակիցներ Երեւանէն, Հայաստանի մարզերէն եւ Արցախէն։ «Տարիքային սահմանափակում չկայ։ Փառատօնին կը ներկայացուին քսանէ աւելի երաժշտական համարներ, որոնցմէ երկուքը առաջին անգամ կը մատուցուի։ Մրցանակները պիտի ըլլան անակնկալ», յաւելեց ան։

Միւս կողմէ, փառատօնը կը սկսի Հոկտեմբերի 21-ին, Հայաստանի Խուլերու միաւորման մշակոյթի պալատին մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017