ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ Կ՚ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԻ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, որու մահը խոր ցաւ ստեղծեց վերջին օրերուն, այսօր կը յուղարկաւորուի՝ առարկայ դառնալով բիւր յարգանքի։ Մեծանուն վարպետը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ պատշաճ շուքով՝ իր վաստակին ու համբաւին վայել ձեւով։ Այս առաւօտ իրեն համար Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը, որու աւարտին կարգը եկաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ ալ իր մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպուած է՝ հաշուի առնելով բոլոր մանրամասնութիւնները։ Պատրիարքական Աթոռը վերահսկած է նախապատրաստական աշխատանքները։ Արարողութեան կը նախագահէ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը հանդիսապետէ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ կը խօսի նաեւ դամբանական մը։ Արարողակարգային կարգադրութիւնները վերահսկած է՝ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Յուղարկաւորութեան ընթացքին կը հրապարակուի Հանրապետութեան նաւագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի ցաւակցական պատգամը՝ Արա Կիւլէրի մահուան առթիւ։ Արարողութեան ժամանակ երկրի ղեկավարը կը ներկայացնեն՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, ԱՔ կուսակցութեան վերնախաւէն Էօմէր Չելիք եւ իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։

Յուղարկաւորութեան աւարտին նախատեսուած են նաեւ այլ դամբանախօսութիւններ ի յիշատակ ու ի յարգանս Արա Կիւլէրի։ Արարողութեան ներկայ կ՚ըլլան նաեւ պետական, քաղաքական, դիւանակալական, դիւանագիտական, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու շրջանակներէն, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, եւ այլն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018