ՀՍԿԱՅ ԶՏԱՐԱՆ

Երէկ, Իզմիրի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Ալիաղայի «Սթար» զտարանը։ Սա շատ մեծ ու ռազմավարական նշանակութեամբ ներդրում մըն է ուժանիւթի ոլորտէն ներս։ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի ներդումով կառուցուած է այս զտարաաը։ Այսպէսով Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ զգալիօրէն կը մեծնայ Ատրպէյճանի դրամագլուխի ներկայութիւնը։

Հսկայ զտարանի պաշտօնական բացումը երէկ կատարուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի։

Հանդիսութեան ընթացքին Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը՝ շեշտելով, որ քարիւղի արտադրանքի պարագային երկիրը ամէն տարի շուրջ 1.5 ամերիկեան տոլոր պիտի խնայէ շնորհիւ այս նորակառոյց զտարանին։ Նպատակներէն մին է նաեւ այս ոլորտին մէջ նուազեցնել արտաքին կախուածութիւնը։ Ըստ իրեն, այս ծրագիրը եկած է ամրապնդել Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան ռազմավարական չափումը։

Նախագահ Էրտողան ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի տարածքի քսան տոկոսը քառորդ դարէ ի վեր կը գտնուի բռնագրաւման տակ, ինչ որ անընդունելի է։ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ միջազգային հանրութիւնը կասեցնէ աշխարհի առկայ անարդարութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Ան յայտնեց, որ կայունութեան, անդորրութեան եւ բարեկեցութեան ուղղեալ կանոնները պէտք է անխտիր գործադրուին բոլոր պետութիւններուն համար, այլապէս ոեւէ մէկը չի կրնար վստահութեամբ նայիլ իր ապագային։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018