ՄԱՐԿ ԳՐԻ­ԳՈ­ՐԵԱՆ ԻՍ­ԹԱՆ­ՊՈՒ­ԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան երէկ յետմիջօրէին Իսթանպուլ հասաւ Երեւանէն ուղիղ թռիչքով, իր օգնականին՝ Անի Մինասեանի հետ։

Երեկոյեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ կողակիցը՝ Այլին Գօչունեան բարիգալստեան ընթրիք մը սարքեցին ի պատիւ Մարկ Գրիգորեանին։ Սեղանը օրհնեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ կողակիցը՝ Մերի Աւագեան։ Ճաշասեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց։

Մարկ Գրիգորեան, որ նախապէս ալ այցելած է Իսթանպուլ, այս անգամ շուրջ շաբաթ մը կը մնայ քաղաքիս մէջ։ Իր կեցութեան օրերուն ան կը նախատեսէ հանդիպումներ ունենալ համայնքային շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018