ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՔԱՅԼ
Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ մնալ թրքական դիւանագիտութեան կիզակէտին։ Անգարա իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ այս խնդրին շուրջ՝ որպէս առանցքային դերակատար։ Այս ծիրին մէջ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին պիտի կազմակերպէ կարեւոր գագաթաժողով մը։
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ պիտի հիւրընկալէ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տանէր կազմակերպելու հանէր կազմակերպելու համար նման ձեւաչափով քառակողմանի գագաթաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 27 հոկտեմբերին։