ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԻՃԱԿԸ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ քննարկում մը իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի մէջ վերսկսած լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ Անվտանգութեան խորհուրդը արդէն երկրորդ անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան։ Այս անգամուան քննարկումը տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ։ Նիւ Եորքի երէկուան դռնփակ քննարկման լոյսին տակ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման դրութեան հսկողութիւնը։

Երէկուան ժողովին նախագահեց ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա։ Ան այս պահուն ամենահրատապ հարցը նկատած է ապահովել հրադադարի կատարումը։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է նաեւ հրադադարի վերահսկողութիւնը։ Վասիլի Նեպենզիա յիշեցուց, որ թէեւ հրադադարի համաձայնութիւնը գոյացած է, սակայն չէ իրագործուած։ Ուստի, վերահսկողութիւնը կարեւոր է եւ երէկուան դռնփակ խորհրդակցութիւններու ընթացքին բնականաբար քննարկման առարկայ դարձած է։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երկիրները բաւական միակարծիք գտնուած են իրենց մօտեցումներով։

Ռուս դիւանագէտը միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուց, որ տարածքաշրջան ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութիւն մը ուղարկելու համար ալ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Անվտանգութեան խորհուրդի յատուկ լիազօրութիւնը։ «Սա արագ գործընթաց մը չէ։ Փոխանցուեցան տեղեկութիւններ, թէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս պէտք է իրականացուի այդ վերահսկողութիւնը։ Չի բացառուիր, որ դիտարկումով կրնայ զբաղիլ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը՝ առաւել եւս, որ այդ կազմակերպութիւնը կը ղեկավարէ կարգաւորման գործընթացը։ Ո՞վ կ՚ըլլայ, ի՞նչ դերակատարութեամբ՝ տակաւին կը մնայ հարցական, ինչ որ կը քննարկուի», յայտնեց Նեպենզիա։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներէն Պելժիոյ մշտական ներկայացուցչութիւնը հաղորդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղուած էր, որպէսզի մարդասիրական հրադադարին բացարձակապէս հնազանդին, վերջ գտնեն քաղաքային բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դէմ յարձակումները եւ առանց նախապայմանի բանակցութիւնները վերսկսին։

ՄԱԿ-ի մօտ Գերմանիոյ մշտական ներկայացուցչութիւնն ալ այս առթիւ տեղեկացուց. «Այս հակամարտութիւնը կը սպառնայ ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան։ Գերմանիա բոլոր պետութիւնները՝ մասնաւորապէս տարածքաշրջանային դերակատարները կը հրաւիրէ աջակցիլ հրադադարին եւ խաղաղ լուծումներուն»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020