ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ծանր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեան պարբերաբար յօդուածներ կը հրապարակէ՝ արժեւորելով ստեղծուած կացութիւնը եւ խորհրդածութիւններ ընելով լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վարդան Օսկանեանի հերթական յօդուածը՝ արեւմտահայերէնի փոխադրուած։

*

Դատելով լրահոսէն՝ կարելի է ենթադրել, որ շուտով կը վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ծիրէն ներս։ Թէ ի՛նչ զարգացում կ՚ունենայ այդ գործընթացը, դժուար է կանխատեսել՝ հաշուի առնելով, որ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով սթաթիւքոն գլխիվայր փոխուած է։ Նոյնիսկ համանախագահ երկիրներու հմուտ դիւանագէտներուն համար այսօր դժուար է կողմնորոշուիլ, թէ ի՛նչ դիրքորոշում պէտք է ունենալ եւ յատկապէս ի՛նչ սկիզբ ազդարարել այս նոր գործընթացին։

Մէկ կողմէ այսօր համանախագահ երեք երկիրներու դիրքորոշումները առաջուան նման հազիւ թէ միահունչ ըլլան՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ, բնականաբար, այդ երկրի ուժեղացած դիրքերը քաղաքական հարթութեան վրայ։ Միւս կողմէ համանախագահ երկիրները չեն գիտեր, թէ կողմերը ի՛նչ դիրքորոշումով կը ներկայանան բանակցային գործընթացին։

Հայկական կողմի՝ այս առաջին կարեւոր հանդիպումին ներկայացնելիք օրակարգը մեծապէս կը պայմանաւորէ, թէ փաստաթղթային ի՛նչ բովանդակութիւն կը ձեւաւորուի եւ կ՚ամրագրուի բանակցութիւններու ապագայ ամբողջ ընթացքին:

Մինսքեան խմբակը իր գործունէութեան անցնող քսանհինգ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորման հինգ առաջարկ ներկայացուցած է։ Այդ հինգ առաջարկներէն իւրաքանչիւրը առանց բացառութեան արտացոլած է այդ օրուան Հայաստանի իշխանութիւններու՝ Ղարաբաղի հարցով որդեգրած սկզբունքները եւ վարած քաղաքականութիւնը։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղարաբաղեան քաղաքականութիւնը խարսխուած էր Հայաստանի այդ օրերու առկայ եւ տեսանելի համախառն ներուժի սթափ գնահատման վրայ՝ զուգորդուած իր՝ միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու նկատմամբ անվերապահ իրապաշտութեամբ։ Տէր-Պետրոսեան համոզուած էր, որ յետ պաղ պատերազմի միջազգային տրամադրութիւնները այնպիսին են, որ պարզապէս անկարելի է հասնիլ Ատրպէյճանէն դուրս Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական ինքնորոշման։ Ան, հետեւաբար, կը տրամաբանէր, որ եթէ ազգովին անպայման կը պահանջենք Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի ամբողջական լուծումը, ապա պէտք է համակերպիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ բարձր ինքնավարութեան հետ, իսկ եթէ ոչ, ապա պէտք է երթալ փուլային ճամբով։

Հետաքրքրական է, որ 1997 թուականին Մինսքեան խմբակը մեզի առաջարկեց իրերայաջորդ երկու փաստաթուղթեր, որոնք ամբողջութեամբ կ՚արտացոլէին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի տրամաբանութիւնը։ Առաջինը «փաթեթային»ն էր, որով Լեռնային Ղարաբաղին կը տրուէր բարձր ինքնավարութիւն Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ան անմիջապէս մերժուեցաւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ, իսկ անոր յաջորդած «փուլային»ը՝ տարածքներու վերադարձ առանց կարգավիճակի յստակեցման, Տէր-Պետրոսեան համարեց չարեաց փոքրագոյնը, ինչը եւս աւելի ուշ դարձաւ անոր հրաժարականի պատճառներէն մէկը։

Ռոպերթ Քոչարեանի ղարաբաղեան քաղաքականութիւնը հիմնուած էր ո՛չ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան առկայ հնարաւորութիւններուն, այլ՝ ապագայ հաւանական ներուժին վրայ եւ կը զուգորդուէր միջազգային քաղաքականութեան մէջ անոր խիստ իրատեսութեամբ: Քոչարեան վստահ էր, թէ կառավարման հարցերու մէջ ըլլալով խիստ նպատակային եւ կազմակերպուած՝ առկայ պայմաններուն կարելի է զարգացում ապահովել եւ աւելի բարենպաստ դիրքերէ հանդէս գալ բանակցային գործընթացին մէջ։ Այդ իրատեսութիւնը կ՚արտայայտուէր այն բանով, որ ճիշդ գնահատելով օրուան աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները եւ միտումները, ինչպէս նաեւ գլխաւոր դերակատարներու տրամադրութիւնները՝ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ ծայրայեղ պահանջներ չէր դներ, հակառակ իր անձնական համոզումներուն։ Այդ օրերուն հայկական պահանջներն էին.

ա) հորիզոնական կապ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ,

բ) Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովում,

գ) անխափան կապ Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի միջեւ։

Հետաքրքրական է, որ Քոչարեանի տասն տարիներուն ընթացքին Մինսքեան խմբակին կողմէ եղած է երեք առաջարկ։ «Ընդհանուր պետութիւն», ուր կ՚առաջարկուէր հորիզոնական կապ Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի միջեւ։ «Քի Ուեստ», ուր Ղարաբաղ կը դրուէր Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ։ Եւ վերջապէս՝ «Մատրիտեան փաստաթուղթ», ուր Ղարաբաղ կը ստանար Ատրպէյճանէն դուրս միջանկեալ կարգավիճակ՝ ապագային հանրաքուէի հեռանկարով։

Սերժ Սարգսեանի ժամանակաշրջանը, հիմնականօրէն, Քոչարեանի իրատեսութեան մասամբ մեքենական, մասամբ նախաձեռնողական շարունակութիւնն էր։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ նոր փաստաթուղթ չէ ծնած, այլ ընդամէնը տեղի ունեցած են Մատրիտեան փաստաթուղթի տարատեսակ փոփոխութիւններ, ներառեալ՝ այսպէս կոչուած «Լաւրովեան ծրագիրը», որ թերեւս Մատրիտեանի փուլային տարբերակն էր։

Փաշինեանի իշխանութեան սկզբնական շրջանին Ղարաբաղի հարցով անոր դիրքորոշումը անորոշ եւ քաոսային էր։ Դժբախտաբար, ան չուզեց խորհրդակցիլ նախկիններէն ոեւէ մէկուն հետ։ Յայտնուած էր «եթէ չես գիտեր՝ ուր կ՚երթաս, ապա երբեք չես կորսուիր» խաբուսիկ շրջանի մէջ, ուստի որեւէ պահու կարիք չէր զգար ինքն իրեն հարց տալու, թէ արդեօք սխա՞լ ճամբով կ՚ընթանար:

Որոշ ժամանակ անց Փաշինեանի միտքը ձեւաւորուեցաւ, որ կարծես դարձաւ անոր ղարաբաղեան քաղաքականութեան անկիւնաքարը, թէ հարցի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։ Շատ քննադատներ ու մեկնաբաններ կը պնդեն, որ պատերազմի պատճառներէն մէկը Փաշինեանի «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» արտայայտութիւնն էր։ Ես կը կարծեմ՝ անոր այս գաղափարն էր, որ Ատրպէյճանին առիթ տուաւ պատճառաբանելու բանակցային ճամբով հարցը լուծելու անհնարինութիւնը։ Ատրպէյճանցիներու ընկալումով՝ ցինիզմի եւ չհիմնաւորուած իտէալիզմի համադրութիւն էր այդ մէկը։ 

Յետպատերազմեան շրջանին եւ ահաւասիկ Մինսքեան խմբակի ծիրէն ներս բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման նախաշեմին Փաշինեանի ցինիզմի եւ իտէալիզմի այս համադրութիւնը նոր դրսեւորումներ ստացած է։ Առաջինը՝ կ՚արտայայտուի մեր կորուստներուն թերագնահատումով ու անտեսումով։ Աւելի ցաւալի ու վտանգաւոր են անոնց արդարացումը եւ անոր իտէալիզմը՝ տարածքաշրջանին մէջ խաղաղութեան նոր դարաշրջան բանալու աոաջարկով։

Եկէ՛ք-արձանագրենք, որ Ատրպէյճան խաղաղութեան չի ձգտիր բանակցութիւններուն։ Ան կը ձգտի բանակցութիւններով աւարտին հասցնել իր կիսատ ձգած պահանջները եւ իր ամբողջ աւարը միջազգայնօրէն օրինականացնել։ Ատրպէյճանի համար խաղաղութիւնը կրնայ ըլլալ այդ բոլորին արդիւնքը:

Հայաստանի համար, եթէ խաղաղութեան ձգտումը վերածուի ինքնանպատակ քաղաքականութեան, ապա պատերազմի վախը զէնք կը դառնայ հակառակորդի ձեռքը. առնուազն մեզ կը տանի բարոյական զինաթափման։

Շատ կ՚ուզէի, որ Փաշինեան չկրկնէ իր նախկին սխալները եւ անպատրաստ չերթայ բանակցութիւններու։ Այստեղ չէի ցանկանար նորէն խորհուրդներ տալ Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշման բովանդակութեան մասով։ Այդ ըրած եմ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին իմ հրապարակած հինգ յօդուածներուս մէջ՝ յատկապէս վերջինին, որուն խորագիրն է «Ամէն ինչ կորսուած չէ, շատ բան կարելի է վերականգնել»։ Կը մնամ այս դիրքորոշումին վրայ։

Բայց այստեղ կ՚ուզէի ընել մի քանի առաջարկ.

1. Բանակցութիւններուն լաւ պատրաստուելու համար Փաշինեան պէտք է կարենայ վեր կանգնիլ նեղ շահերէ եւ խորհրդակցիլ այս հարցով կարեւոր ներդրումի հնարաւորութիւն ունեցող մարդոց հետ՝ անկախ իր տուած պիտակաւորումներէն։

2. Իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր ներկայացուցիչները պէտք է զերծ մնան կորուստներու արդարացումէն, ոչ-հայանպաստ արտայայտութիւններէ եւ առհասարակ զգոյշ ըլլան իրենց իւրաքանչիւր բառի պարագային. բան մը, որուն կարեւորութիւնը, վախնամ, Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները չեն գիտակցիր:

3. Բանակցութիւններուն հայկական կողմը ո՛չ թէ պէտք է ձգտի խաղաղութեան, այլ օրինական (legitimate) համակարգի հաստատման, որուն անկիւնաքարը ըլլայ ո՛չ թէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, այլ՝ կողմերու բաւարարուածութիւնն ու արդար կարգաւորման հեռանկարը։ Միայն սա կրնայ բերել կայուն խաղաղութիւն։

4. Երբեք չենթարկուիլ ճնշումներու՝ ժամանակի առումով եւ հապճեպութիւն չցուցաբերել հարցի համապարփակ հանգուցալուծման հասնելու ճամբուն վրայ։ Հայկական կողմը ճիշդ այստեղ պէտք է որդեգրէ խնդիրի յառաջխաղացման փուլային տարբերակը։

5. Մտքի մէջ միշտ ունենալով համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային մեծ պատկերը, գլխաւոր դերակատարներու տարաբնոյթ շահերը՝ միշտ կեդրոնացած մնալ մեր շատ նեղ խնդիրին վրայ՝ առաջնորդուելով միմիայն ազգային առաջնահերթութիւններով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021