ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ եռակողմանի բանակցութիւնները այսօրուընէ սկսեալ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ։ Հերթական բանակցութիւնները նախատեսուած են երկօրեայ։ Արցախի երկրորդ պատերազմի աւարտին ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրը կը նախատեսէր Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ աշխատանքային եռակողմանի յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը՝ երեք կողմերու փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ։ Այդ յանձնաժողովը առաւել չափով հետամուտ է Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքներուն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Մոսկուա՝ մասնակցելու համար այս յանձնաժողովի հերթական հանդիպման։
Մոսկուա մեկնելէ առաջ Մհեր Գրիգորեան զրոյց մը ունեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան լրագրողներուն տեղեկացուց, որ պիտի քննարկուին տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան ուղիներու վերաբացման հարցերը։ «Որոշ պատկերացումներ ձեւաւորուած են երկաթուղիի մասով։ Սկզբնական համաձայնութիւն կայ, որպէսզի ապաշրջափակումը իրականացուի ԱՊՀ-ի երկիրներու կարգաւորումներու դաշտի շրջանակներուն մէջ։ Մենք պէտք է քննարկենք ցամաքուղիներու հարցերը։ Հայաստանի առաջնահերթութիւնն է փոխադրութեան բոլոր ուղիներու ամբողջական ապաշրջափակումը», ըսաւ Մհեր Գրիգորեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ փոխ-վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման շուրջ հաւանական աշխատանքներու սկսման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ սահմաններու մասին խօսելու համար նախ պէտք է լիարժէք հետազօտուին սահմաններու վերաբերեալ իրաւական ամբողջ դաշտը, ներառեալ՝ իրաւական այն դաշտը, ուր կայ երկու երկիրներու համաձայնութիւնը, ստորագրութիւնը կամ միացումը որեւէ փաստաթուղթի պարագային։ Իր խօսքով՝ աւելի վերջ արդէն հնարաւոր կրնայ ըլլալ խօսիլ քարտէսներու մասին, որովհետեւ քարտէսը ընդամէնը շեմայ մըն է։ «Քարտէսի տակ պէտք է ըլլայ իրաւական հիմք մը եւ այդ իրաւական հիմքի վրայ մենք հիմա կ՚աշխատինք, կը հետազօտենք, կը հաւաքագրենք ու կը վերլուծենք։ Աւելի վերջ նոր հնարաւոր պիտի ըլլայ խօսիլ քարտէսներու մասին՝ անոնց հիման վրայ գործընթացներ իրականացնելու նպատակով», շարունակեց Մհեր Գրիգորեան։
Միեւնոյն ժամանակ, փոխ-վարչապետը ընդգծեց, որ կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք գործընթացները այս փուլին բաւականին կը բարդացնեն։ «Առանձին վերցուցած գործընթացները որոշակի իրականացման տրամաբանութիւն կրնան ունենալ, բայց ընդհանուր մթնոլորտը պէտք է ըլլայ շատ աւելի լաւ», համոզուած է ան՝ նկատի ունենալով, որ 2021 թուականի մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ապօրինիօրէն ներխուժած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ տակաւին կը պահուին հայ գերիներ։
Մհեր Գրիգորեան վերոյիշեալ մանրամասնութիւնները մամուլի նկատառման յանձնեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստան-Ռուսաստան 8-րդ միջտարածքաշրջանային ֆորումի լիագումար նիստի շրջանակներէն ներս։ Ան կրկնեց, որ Հայաստանի առաջնահերթութիւնները յայտարարուած են եւ սա ապաշրջափակումն է։ Թէ յստակ ի՞նչ ուղիներու մասին քննարկումներ կը ծաւալուին ապաշրջափակման համատեսքին մէջ։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Մհեր Գրիգորեան ըսաւ. «Յստակեցուած տարբերակներ չկան։ Ես ըսած եմ երկաթուղիի վերաբերեալ խնդրի մը քիչ մը աւելի պարզ դարձած ըլլալը՝ վերականգնման տրամաբանութեան մէջ։ Գիծերը, որոնք եղած են Խորհրդային Միութեան ժամանակ, անոնց վերականգնման մասին է խօսքը։ Հաւանական բոլոր տարբերակները կը քննարկուին»։
Միւս կողմէ, Մոսկուայի այս օրուայ բանակցութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան Պաքու եւս հինգ ռազմագերի վերադարձուց Երեւանին։