«ՀԱՅԵՐԸ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԵՆ»
Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի երէկ սարքեց իր անդրանիկ մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին յայտարարեց, թէ հայերը եւրոպացի են։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան փափաք յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ տեսնէ Եւրոմիութեան աւելի շատ դրօշակներ։ Սվիթալսքի համոզուած է, որ պէտք է բարձրացնել Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի ծրագրերուն տեսանելիութիւնը։ Իր գնահատականով, ընթացիկ տարուան մէջ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս 15 միլիոն եւրոյի ծրագրերու իրականացումը կը համարուի լուրջ ներդրում մը։
«Վրաստան, որ իր տարածութեամբ Հայաստանէն մեծ է եւ մաս կը կազմէ Համարկման համաձայնագրին, կը ստանայ 100 միլիոն եւրօ։ Իսկ ինչ կ՚ըլլան մեր կողմէ տրուած գումարները։ Անոնք կը ծախսուին Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագրերուն վրայ։ Մեր ներդրումները բաւական բազմազան են՝ կոշտ աղբի վերամշակումէն, ջուրի մաքրումէն, դատարաններու համար նոր շինութիւններու կառուցման աշխատանքներէն սկսեալ մինչեւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ամրապնդման ծրագրերը։ Ելմտական մեծ ծրար մը ներդրուած է արդարադատութեան բարեփոխումներուն, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան համար», ըսաւ եւրոպացի դեսպանը։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան ան ընդգծեց, որ իրենց աշխատանքը աւելի շատ գնահատանքի կարիք ունի։ «Ես կ՚ուզէի աւելի շատ ԵՄ-ի դրօշներ տեսնել Հայաստանի մէջ, սա նաեւ ձեր դրօշն է։ Եւրոմիութիւնը այս դրօշը կը բաժնէ Եւրոխորհուրդին հետ, իսկ Հայաստան Եւրոխորհուրդի անդամ է։ Դուք ունիք ձեր շատ լուրջ եւրոպական հաւաստագիրը, մի վախնաք ցոյց տալէ, որ դուք եւրոպացի էք», ըսաւ ան։
Փիոթր Սվիթալսքիի խօսքերով ԵՄ-ի Հարեւանութեան քաղաքականութեան մէջ նոր մօտեցումով նախատեսուած են անվտանգութեան եւ տնտեսական ոլորտներէ ներս աւելի լայն ծրագրեր։ Իսկ Հայաստան ինք պէտք է որոշէ, թէ այդ տարրերէն որոնք օգտակար են իրեն համար ու պէտք է կատարէ համապատասխան ընտրութիւն՝ անվտանգութեան եւ տնտեսական հարցերուն մէջ։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան մէջ պիտի ուժեղացուի անվտանգութեան բաղադրիչը։