ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ… ԻՆՉՊԷ՞Ս
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ քայլեր կրնայ առնել միջազգային համախոհութեան հետ։ Էրտողանի խօսքերով, ԻՇԻՊ այս պահուն Թուրքիոյ տե-սակէտէ սպառնալիք մը կը հանդիսանայ, հետեւաբար Թուրքիան ալ կրնայ անոր դէմ ստեղծուած միջազգային համախոհութեան զօրքերուն հետ քայլերու ձեռնարկել։ Հանրապետութեան նախագահը այդ հաւանական քայլերուն շուրջ ժամկէտ մը չնշեց եւ աւելցուց, թէ այս ամբողջին մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երեք խնդիր։ Առաջինը՝ թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղծուիլն է, երկրորդը՝ ահաբեկչութենէ մաքրագործուած անվտանգ շրջանի մը ստեղծումը եւ երրորդը՝ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն մարզումն ու զինումը։ Թուրքիոյ պատկան մարմինները ներկայիս աշխատանք կը տանին այս ուղղութիւններով։ Ժամկէտները թէեւ տակաւին ճշդուած չեն, սակայն Էրտողան հաւաստիացուց, թէ գործընթացը վերահսկողութեան տակ է։
Ներկայիս, միջազգային բեմահարթակի վրայ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէ, մասնաւորապէս Փարիզի մէջ պատահած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումէն վերջ։ Երէկ, Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին շօշափեցին այս նոյն խնդիրը։ Ծանօթ է, որ Ֆրանսուա Օլանտ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա։ Փարիզի ղեկավարութիւնը այս փուլին կը ձգտի ամերիկեան եւ ռուսական կողմերուն հետ հասնիլ հասարակաց յայտարարի մը՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ հարուածները սաստկացնելու համար։ Արդարեւ, ֆրանսական կողմը սա կը նկատէ արդիւնաւէտ պայքարի մը նախադրեալը։ Սպիտակ տան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Օպամա եւ Օլանտ անդրադարձած են Փարիզի անցեալ շաբթուան յարձակման յաջորդած հարցաքննութեան վերջին մանրամասնութիւններուն։ Երկու ղեկավարներն ալ վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը՝ ԻՇԻՊ-ը ոչնչացնելու ուղղութեամբ։ Նոյեմբերի 24-ին նախատեսուած Օլանտի Ուաշինկթըն այցելութեան ընդառաջ, նախագահները կանգ առած են նաեւ Սուրիոյ ներքին պատերազմին վերջ մը դնելու եւ ժողովուրդը ահաբեկչական սպառնալիքէն զերծ պահելու նիւթերուն վրայ։
Փարիզ-Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ հասարակաց յայտարար մը ձեռք բերելով ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարը սաստկացնելու ուղղեալ որոնումները միշտ կը շարունակուին, սակայն ակնյայտ է, որ նման գործընթացի մը հասունացումը պիտի չըլլայ այդքան դիւրին։ Սպիտակ տան աղբիւրները երէկ վերստին շեշտեցին, թէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ այժմու Նախագահ Պեշար Էսատի ճակատագրին շուրջ կ՚ապրուին տարաձայնութիւններ։ Բաց աստի, Սպիտակ տան եւ Քրեմլինի հետ տարաձայնութիւնները կը պահպանուին նաեւ Սուրիայէ անկախ կարգ մը նիւթերու շուրջ, մանաւանդ Խրիմի կտրուածքով։ Այս հանգամանքը երէկ ընդգծուեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Պեն Ռոտցի կողմէ։
Այս բոլորին լոյսին տակ Մոսկուան ալ վերջին օրերուն յաճախ ազդանշաններ կու տայ իր որդեգրած դիրքորոշման շուրջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային իսկական համախոհութեան մը ձեւաւորման համար՝ արեւմտեան երկիրները պէտք է հրաժարին որպէս նախապայման առաջադրելէ՝ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը։ Ըստ Լաւրովի, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին կարելի չէ եղած համաձայնութեան հասնիլ այն մասին, թէ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման ճանապարհին ինչպիսի դերակատարութիւն մը պիտի ստանձնէ Պեշար Էսատ։ Լաւրովի խօսքերով, շահագրգիռ բոլոր երկիրները համակարծիք չեն, որ Պեշար Էսատ պէտք չէ դեր մը ստանձնէ քաղաքական գործընթացին մէջ։ Ռուսական կողմի մօտեցումով, ԻՇԻՊ-ի դէմ հասարակաց պայքարին մաս կազմելու համար անընդունելի է նախապայմաններ յառաջ քշելը։ Ռուս նախարարին համոզմամբ, Վիեննայի վերջին համաձայնագիրը չի բացառեր Էսատի մասնակցութիւնը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն։
Սէրկէյ Լաւրով այս նիւթին շուրջ Ռուսաստանի հետ տարակարծութիւններու տէր երկիրներու շարքին թուարկեց նաեւ Թուրքիան։ Այս յայտարարութիւնը զուգադիպեցաւ այն շրջանին երբ ան կը պատրաստուի այցելել Անգարա։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ տեղեկացուց, թէ Նոյեմբերի 25-ին Լաւրով Թուրքիա պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար Ռուսաստան-Թուրքիա Ռազմավարական ծրագրաւորման համատեղ խումբի հինգերորդ նիստին։ Զախարովայի բացատրութիւններով, ռուս-թրքական բանակցութիւններուն ընթացքին Սուրիոյ հարցին շուրջ կարծիքներ պիտի փոխանակուին, պիտի քննարկուի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի հիւսիսի իրավիճակը։
Միւս կողմէ, Պեշար Էսատն ալ երէկ հանդէս եկաւ անակնկալ յայտարարութիւնով մը ու տեղեկացուց, թէ երկրէն ներս ընտրութեան ժամանակացոյցը կրնայ սկսիլ միայն ահաբեկչութեան պարտութեան մատնուելէն վերջ։ Ան ներքին պատերազմը վերջացնելու նպատակով քաղաքական գործընթացի մը սկիզբը պայմանաւորեց ահաբեկչական բռնագրաւման վերջ գտնելուն հետ։ Իտալական հեռուստաընկերութեան մը տուած հարցազրոյցին մէջ Պեշար Էսատ յայտարարեց, թէ իշխանութենէն պիտի չհեռանայ՝ մինչեւ որ ԻՇԻՊ պարտութեան մատնուի։ Միեւնոյն ժամանակ ան յայտնեց, թէ որեւէ արգելք գոյութիւն չունի՝ ընտրութիւններուն ժամանակ իր թեկնածութեան առաջադրման համար։