ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՓԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ դռնփակ նիստ մը, ո­րու ըն­թաց­քին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ Ե­րե­ւա­նի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին կող­մէ վեր­ջերս ըն­դու­նուած հա­կա­հայ­կա­կան զե­կոյ­ցի ա­ռանց­քին շուրջ։ Խորհր­դա­րա­նի այս փակ քննարկ­ման մաս­նակ­ցե­ցան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի եւ ԵԽԽՎ-ի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նա­կից Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Պաշտ­պա­նու­թեան, Ազ­գա­յին ան­վան­գու­թեան եւ ներ­քին հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Կո­րիւն Նա­հա­պե­տեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէ ՆԱ­ԹՕ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նա­կից հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ 

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան պա­տաս­խա­նեց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ե­րես­փո­խան­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Բաց աս­տի, հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թեր գրե­ցին, թէ վեր­ջին օ­րե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան «ան­տե­սա­նե­լի» այց մը տուած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղով։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը պնդած են, որ Միր­զո­յեանն ալ քննար­կում­ներ ու­նե­ցած է ԵԽԽՎ-ի յի­շեալ զե­կոյ­ցի ա­ռանց­քին շուրջ։

Միւս կող­մէ, ՄԱԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան յայտ­նեց, թէ Ե­րե­ւան մշտա­պէս ող­ջու­նած է ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Նիւ Եոր­քի մէջ, ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած «Պահ­պա­նե­լով մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը՝ ար­տա­ցո­լե­լով պատ­մու­թիւ­նը. Անվտան­գու­թիւն, զար­գա­ցում եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու ար­մատ­նե­րը» խո­րագ­րեալ բաց քննարկ­ման մաս­նակ­ցե­ցաւ Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան, որ կա­րե­ւո­րեց հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու վաղ փու­լի մէջ կան­խար­գի­լու­մը եւ ա­նոնց կար­գա­ւոր­ման տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին մի­ջազ­գայ­նօ­րէն հա­մա­ձայ­նե­ցուած բա­նակ­ցա­յին ձե­ւա­չա­փը։

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Մնա­ցա­կա­նեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան ու­նի ցա­ւա­լի փոր­ձա­ռու­թիւն՝ մի­ջազ­գա­յին միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րու միա­կող­մա­նի ձե­ւով խե­ղա­թիւր­ման ու կա­նո­նա­ւոր չա­րա­շահ­ման ա­ռու­մով՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով տա­պա­լել տուեալ գոր­ծըն­թա­ցը կամ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը են­թար­կել կա­մա­յա­կան մեկ­նա­բա­նու­թեան։ Ըստ ի­րեն, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ջան­քե­րու հա­մախմ­բու­մը անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց մըն է՝ իւ­րա­քան­չիւր հա­կա­մար­տու­թեան կան­խար­գիլ­ման կամ կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015