ԽԻՏԱՇԵԼԻԻ ՇՐՋԱՅՑԸ

Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի ե­րէկ երկ­շա­բա­թեայ ու­ղե­ւո­րու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա եւ Եւ­րո­պա։ Թիֆ­լի­զի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Խի­տա­շե­լիի շրջա­գա­յու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը կը հան­դի­սա­նայ Գա­նա­տա­յի Հա­լի­ֆաքս քա­ղա­քը, ուր կը մաս­նակ­ցի անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն նուիրուած տա­րե­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի մը, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ այս շա­բա­թա­վերջ։ Այս տա­րի եօ­թե­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը կը քննար­կեն ամ­բողջ աշ­խար­հէ ներս անվ­տան­գու­թեան բա­րե­լաւ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Հա­լի­ֆաք­սէն վերջ Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի պի­տի անց­նի Նիւ Եորք, ուր նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը ՄԱԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու շարք մը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։ Հարկ է նշել, որ վրա­ցի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ալ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր ԱՄՆ, ուր հիւ­րըն­կա­լուած էր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Նիւ Եոր­քի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լէ վերջ Խի­տա­շե­լի պի­տի անց­նի Եւ­րո­պա, ուր եւս նա­խա­տե­սուած են իր կա­րե­ւոր հան­դի­պում­նե­րը։ Վրացի նա­խա­րա­րին երկ­շա­բա­թեայ շրջա­գա­յու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լը պի­տի հան­դի­սա­նայ Պա­քուն, ուր ան հա­րե­ւան Ատր­պէյ­ճա­նի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ պի­տի բա­նակ­ցի։

«Մեր առ­ջեւ ու­նինք շատ կա­րե­ւոր եր­կու շա­բաթ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ մենք անվ­տան­գու­թեան խոր­հրդաժողովի կը մեկ­նինք Հա­լի­ֆաքս։ Այդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը ա­մե­նա­կա­րե­ւոր վայ­րե­րէն մին է ամ­բողջ աշ­խար­հի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու եւ զինուո­րական­նե­րու հան­դիպ­ման հա­մար։ Բուն խորհր­դա­ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս մենք երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նանք Գա­նա­տա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Հան­դի­պում­ներ պի­տի ըլ­լան Եւ­րո­միու­թե­նէն ներս, ուր ես ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նամ Եւ­րո­խորհրդա­րա­նի Անվ­տան­գու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան կո­մի­տէին մօտ», ը­սաւ Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի երկ­շա­բա­թեայ իր ու­ղե­ւո­րու­թեան շուրջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015