ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ

«Ման­կա­կան եւ­րո­տե­սիլ-2015»ի հա­յաս­տա­նեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Պուլ­կա­րիոյ մէջ է, ուր Մի­քան յա­գե­ցած ծրա­գիր ու­նի՝ լե­ցուն տար­բեր փոր­ձե­րով, ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րով ու բազ­մա­պի­սի հան­դի­պում­նե­րով:

Մրցոյ­թի հա­յաս­տա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քան (Մի­քա­յէլ Վա­րո­սեան) ու պա­տուի­րա­կու­թեան միւս ան­դամ­նե­րը հան­դի­պում մը ու­նե­ցած են Պուլ­կա­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­սէն Սհո­յեա­նի հետ: Դես­պա­նը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ  մաղ­թած է Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նած, որ Մի­քան լա­ւա­գոյնս պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Հա­յաս­տա­նը «Ման­կա­կան Եւ­րո­տե­սիլ»ին եւ պի­տի զբա­ղեց­նէ պա­տուա­ւոր տեղ: Դես­պա­նի հետ հան­դիպ­ման յա­ջոր­դած է նաեւ հան­դի­պում Պուլ­կա­րիոյ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, որ եւս շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ ան­ցած է:

Հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած են Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կին պա­տաս­խա­նա­տու ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նած, որ ինչ­պէս նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, այս տա­րի եւս Հա­յաս­տան կ՚ա­ռանձ­նա­նայ իր յի­շար­ժան ե­լոյ­թով: Ա­նոնք կոչ ուղ­ղած են բո­լոր սփիւռ­քա­հա­յե­րուն ըլ­լա­լու Մի­քա­յի կող­քին, սա­տա­րե­լու ա­նոր եւ քուէար­կե­լու Հա­յաս­տա­նի օգ­տին:

Մի­քան եւ իր ե­րեք մու­սա­նե­րը հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար կա­տա­րած են մրցու­թա­յին LOVE եր­գը:

Միւս կող­մէ, մրցոյ­թը այս տա­րի կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Նո­յեմ­բե­րի 21-ին Պուլ­կա­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սո­ֆիա­յի մէջ: Հա­յաս­տա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քան ե­լոյթ կ՚ու­նե­նայ հա­մեր­գա­յին երկ­րորդ հա­տուա­ծին՝ 11-րդ կար­գի վրայ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015