ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ե­րէկ այ­ցե­լեց երկ­րի հիւ­սիս ա­րե­ւե­լան պաշտ­պա­նա­կան դիր­քե­րը։ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նին եր­կայն­քով շփում­ներ ու­նե­նա­լէ եւ ի­րադ­րու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լէ վերջ ան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։ Դէ­պի պաշտ­պա­նա­կան դիր­քեր կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նին ըն­կե­րա­ցան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Եու­րի Խա­չա­տու­րով, իր բարձ­րաս­տի­ճան խորհր­դա­կան­նե­րէն Մի­քա­յէլ Յա­րու­թիւ­նեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Ար­ցա­խի մէջ իր ներ­կայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Սերժ Սարգ­սեան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը, երբ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կիօ­րէն կը խօ­սուի յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ կայ­նա­լիք հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման շուրջ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ու­րո­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) եւ Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ վեր­ջին օ­րե­րուն խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցան Նիւ Եոր­քի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք այս կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց, թէ ի­րենք ու­նե­ցած են գե­րա­զանց հան­դի­պում­ներ ու միաս­նա­կան են՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ միջ­նորդ­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կով։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար դես­պան Փիոթր Սվի­թալս­քի յայ­տա­րա­րեց, որ ԵՄ ամ­բող­ջու­թեամբ կը սա­տա­րէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն գործու­նէու­թեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015