ՊՐԻՒՔՍԷԼԷՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ՝ ՓՈՒԹԻՆԻՆ

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր նա­մակ մը ու­ղար­կեց Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին՝ Եւ­րո­միու­թեան եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հաս­տատ­ման ա­ռա­ջար­կով։ Պրիւք­սէ­լի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Եուն­քէր այս նա­մա­կը ու­ղար­կած է Փու­թի­նի հետ G-20-ի վեր­ջին գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­նե­ցած կար­ճա­տեւ զրոյ­ցին հի­ման վրայ։

Նա­մա­կին մէջ Եուն­քէր ար­տա­յայ­տած է իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ նա­խա­պէս ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած ԵԱՏՄ-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջար­կին ա­ռըն­չու­թեամբ, սահ­մա­նուած կար­գով եւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու տես­քով, կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ։

Հարկ է նշել, որ ան­ցեալ Հոկ­տեմ­բե­րին ԵԱՏՄ-ի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Վիք­թոր Խրիս­թեն­քօ նման նա­մակ մը ու­ղար­կած էր Եուն­քէ­րին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015