ԳԵՐՄԱՆԱՀԱՅ ՊԵՏՐՈՍ ԿԱՐԻՆԵԱՆ. «ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ ՕԳՆԵԼ, ԲԱՅՑ ԲԱՒԱՐԱՐ ՀԻՄՔԵՐ ՉՈՒՆԻՆՔ»

3000 հայաստանցիներ եւ... 1500 սուրիահայեր…

Հայութեան հաւաքական հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս կան այնպիսի նիւթեր, որոնք կը համարուին «թապու». օրինակ՝ Եւրոպա ապրող եւ «մի կերպ» գոյատեւող հայ փախստականներու հարցը։

Անշուշտ մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբը փախստականներու հարցը «մենաշնորհն» էր Հայաստանին ու հայաստանացիներուն։ Տարբեր պայմաններու եւ զարգացումներու բերումով հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ իրենց աչքերը կը բանային եւրոպական ցամաքին վրայ։ Խօսքը՝ ականներու մասին է, երբ եւրոպական մակարդակի վրայ ալ «խակ» վիճակ մը կար ու տեղւոյն պետական մարմինները ոչ այնքան խիստ, այլ քիչ մըն ալ «բարեհամբոյր» կը գտնուէին բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք Խորհրդային Միութեան փոլուզումէն անմիջապէս ետք ու բաւականին ծանր պայմաններու տակ «կը թակէին» Եւրոպայի «լայնսիրտ» մայրաքաղաքներու դռները։

Այդ առումով ալ կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէր Գերմանիան, որ համեմատած եւրոպական այլ երկիրներու ու շնորհիւ իր ստեղծած պետական առողջ եւ «հոգատար» համակարգին՝ առիթ կու տար հազարաւոր փախստականներու, որպէսզի կայք հաստատեն ու իրենց կեանքը շարունակեն այդ երկրին մէջ։

Այս իրավիճակը կը տեւէր մինչեւ 1994 թուականը, երբ Գերմանիա հասնիլը նախընտրութիւն մը կը դառնար մասնաւորապէս Իրաքի քաղաքացիներուն, որոնք մեծ թիւերով, որպէս պատերազմէն տուժած գաղթականներ կը հասնէին Գերմանիա։  Իսկ Գերմանիոյ կառավարութիւնը, որուն համար մինչ այդ արժանի ուշադրութեան կեդրոն կը հանդիսանային նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու քաղաքացիները, ստիպուած կ՚ըլլար վերատեսութեան ենթարկել իր փախստականներու համար նախատեսուած ծրագիրները ու կազմել փախստական երկիրներու «թոփ տասնեակ»ի նոր ցուցակ մը։ Ու հետզհետէ, մինչեւ Սուրիոյ պատերազմին շղթայազերծումը, Գերմանիա ստիպուած կ՚ըլլար իր տարածքներէն դուրս դնել նախկին Խորհրդային Միուաթեան երկիրներու հազարաւոր քաղաքացիներ։

Եթէ արագ վերլուծական մը փորձենք ընել, ապա մեզի համար յստակ պիտի դառնայ, որ սուրիացի հազարաւոր փախստականներու Գերմանիոյ տարածքներուն մէջ յայտնուիլը շատ բան պիտի փոխէր այդ երկրին մէջ, ընդհուպ մինչեւ քաղաքական խաղաքարտ պիտի դառնար պայքար մղող կուսակցութիւններուն համար։ Ու վստահաբար, եթէ այդ երկրին մէջ փախստականներու կողմէ ահաբեկչական մեծ ու փոքր տասնեակ դէպքեր տեղի չունենային, ապա Գերմանիա իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր իր հողերուն վրայ ընդունիլ շատ աւելի փախստականներ, քան այն ինչ, որուն մասին օրինական տուեալներ կը փոխանցեն Պերլինի պաշտօնական աղբիւրները։

Ու այս վիճակին մէջ էր նաեւ, որ «բարձիթող» կը դառնային նաեւ մեր հայրենակիցները, որոնցմէ գլխաւորապէս երեք հազար անձեր այսօր կանգնած են Գերմանիայէն դուրս դրուելու ու իրենց անձնագիրներուն մէջ «սեւ կէտ» ստանալու վտանգներուն առջեւ։

Իբր այդ ալ, որպէսզի կարողանամ յաւելեալ տուեալներ ստանալ այս բաւականին նուրբ նիւթին մասին, յաջողեցայ հարցազրոյց մը կատարել երկար տարիներէ ի վեր Քէօլն հաստատուած արմատներով մալաթիացի Պետրոս Կարինեանին հետ, որ շուրջ քառասուն տարիներ առաջ հաստատուած է Գերմանիա։

*

-Ի՞նչն էր պատճառը, որ Թուրքիայէն հեռացաք եւ Գերմանիա կայք հաստատեցիք։

-1980-ական թուականներուն, երբ Թուրքիան հանդիսավայր դարձաւ մէկ կողմէ աջակողմեան եւ միւս կողմէ ձախակողմեան ուժերու բախումներուն՝ ծնողներս մտավախութիւն ունենալով, որ կրնան որեւէ ատեն վտանգներու ենթարկուիլ, որոշեցին դուրս գալ երկրէն։ Սկիզբը կ՚ուզէի Ֆրանսա երթալ, սակայն ծնողներս չհամաձայնեցան եւ ի վերջոյ որոշեցինք ընտանեօք Գերմանիա գաղթել։ Եղբայրս արդէն Գերմանիա հաստատուած էր եւ այդ ժամանակ վիզայի հարց ալ չկար։ Մեկնեցանք Գերմանիա որպէս փախստական եւ յանձնուեցանք... Արդէն 38 տարիէ ի վեր Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ կ՚ապրիմ:

-Քէօլնը Գերմանիոյ հայութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկն է. Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ մեզի այդ մասին։

-Այո՛, հայութեան գերակշիռ մասը Քէօլնի մէջ է: Քէօլնի մէջ է նաեւ Հայոց Առաջնորդարանը, որ հիմնուած է 1994 թուականին։ Վաղ շրջանին Քէօլնի եւ շրջակայքի քաղաքներու մէջ հայութեան թիւը կը հասնէր 4-5 հազարի, սակայն ներկայիս որ մեծ հոսք մը կայ՝ ըլլայ հայաստանցիներու, ըլլայ սուրիահայերու՝ Քէօլնի եւ անոր շրջակայ հատուածներուն մէջ ապրող հայերուն թիւը կը հասնի 8 հազարի: Այստեղ պարտիմ նշել, որ դէպի Գերմանիա մեծ հոսք կայ, մանաւանդ, Հայաստանի գիւղերէն՝ Էջմիածին քաղաքէն եւ շըր-ջակայքի գիւղերէն: Անոնք, որոնք Հայաստանէն կու գան, կրնամ ըսել մեծամասնութիւնը առողջական հարցերով կու գան եւ իրենց նպատակը բուժում ստանալ է։ Այդ առումով ալ Գերմանիոյ կառավարութիւնը բժշկական ամէն տեսակի ծախսերը կը հոգայ եւ կը փորձէ օգնութեան ձեռք մեկնել հայ փախստականներուն։

-Բազմաթիւ են այն լուրերը, ըստ որոնց յատկապէս դէպի Գերմանիա սուրիացիներու մեծ ներհոսքին հետեւանքով՝ երկրի մարմինները վերատեսութեան ենթարկեցին փախստականներու համար մշակուած իրենց ծրագիրները։ Կ՚ըսուի նաեւ, թէ այդ իսկ պատճառով տուժեցին Գերմանիա ապրող հայաստանցի փախստականները։ Ինչքանո՞վ ճիշդ են այս տեղեկութիւնները եւ ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Այո՛, ճիշդ էք, կայ այդպիսի բան։ Հայաստանէն եկողները յաճախ խաբէութեան կը դիմեն եւ կ՚ըսեն, թէ Սուրիայէն եկած են: Պատահած էր դէպք մը, որուն ես անձամբ ականատես եղայ: Հայաստանցիներ եկած էին եւ ըսած էին, որ Սուրիայէն եկած են, հետեւաբար հարցազրոյցին արաբ թարգմանիչ բերած էին, բայց ի յայտ եկաւ, որ անոնք արաբերէն չեն գիտեր: Այսպէսով բացայայտուեցաւ անոնց խաբէութիւնը: Հետեւաբար պետութիւնը աւելի զգօն է, որովհետեւ շատ կը պատահին նման պարագաներ: Եւ անոնք կախեալ վիճակի մէջ են՝ պետութիւնը զիրենք ո՛չ երկրէն դուրս կը դնէ եւ ոչ ալ կեցութեան իրաւունք կու տայ:

-Այս վիճակի մէջ գտնուող հայաստանցիներու թիւը մե՞ծ է:

-Քէօլնի մասին եթէ խօսելու ըլլանք՝ այո, շատ մեծ է թիւը Հայաստանէն եկողներուն, որովհետեւ կը լսեն, թէ Գերմանիան տուն կու տայ, դրամ կու տայ, բժշկակական խնամք կ՚ապահովէ, օգնութիւն կու տայ: Սուրիացիներու մեծամասնութիւնն ալ Գերմանիա գալ կ՚ուզէ նոյն պայմաններուն համար: Կախեալ վիճակի մէջ գտնուողներու թիւը կը հասնի 3 հազարի եւ ասոնց պարագան յստակ չէ. պիտի մնա՞ն, կամ երկրէն դուրս պիտի դրուին:

-Քէօլնի հայ համայնքը կազմակերպուած է։ Արդեօք այս խնդրի առումով հայ փախստկանններուն օգնելու քայլեր կ՚առնուի՞ն։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Եթէ հայաստանցիներու տեսանկիւնէն մօտենանք, ապա Քէօլնի մէջ շատ բան մը չունինք ընելու անոնց համար։ Չենք կրնար օժանդակել անոր համար, որ իրաւական հիմքեր չունինք։ Շփումն ալ քիչ է անոնց հետ, որովհետեւ հեռու են միութենական գործունէութիւններէն: Փախստականներու հարցով Գերմանիոյ պետութիւնը շատ բծախնդիր է եւ իր օրէնքներն ու պայմանները ունի, հետեւաբար շատ դժուար է, որ այս հարցով Քէօլնի համայնքը կարողանայ կերպով մը օժանդակել հայ փախստականներուն։

-Ի՞նչ կրնաք ըսել Գերմանիոյ սուրիահայ գաղթականներու մասին:

-Քէօլնի մէջ սուրիահայերու թիւը շատ մեծ չէ՝ հազիւ 20-30 ընտանիք կայ: Միւնիխի մէջ, ինչպէս լսած եմ, սուրիահայերու թիւը աւելի մեծ է:

-Երթանք Պոլիս... Ե՞րբ էր ձեր վերջին Պոլիս այցելութիւնը եւ ի՞նչ տպաւորութեամբ վերադարձաք։

-Գրեթէ չորս-հինգ տարի առաջ վերջին անգամ այցելեցի Պոլիս։ Բայց շատ մօտէն կը հետեւիմ Պոլսոյ մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն՝ ըլլա՛յ մամուլով, ըլլայ հոն ապրող բարեկամներու միջոցով: Գերմանիոյ մէջ կ՚ապրին թէ՛ պոլսեցի եւ թէ թրքահայ, որ մէկը միւսէն տարբեր են: Ես ձեզի ուրիշ բան մըն ալ ըսեմ՝ ես ծնած եմ Մալաթիա եւ այսօր կը խօսիմ հայերէն, շնորհիւ բարերարներու ես կրցայ հայկական դպրոց յաճախել։ Երբ տարիներ ետք առաջին անգամ Թուրքիա գացի, այցելեցի իմ դպրոցս, ի հարկէ չճանչցան զիս եւ կարծեցին, թէ Լիբանանէն եմ: Երբ յայտնեցի, թէ այդ դպրոցի շրջանաւարտ եմ, դասատուի զարմանքը մեծ էր, որովհետեւ շատ լաւ հայերէն կը խօսէի, սակայն ներկայիս այդպէս չէ դժբախտաբար...։ Անշուշտ կայ խաւ մը, որ լաւ հայերէն կը խօսի, բայց համայնքին մէջ սկսած է լուրջ խնդիր դառնալ հայախօսութեան պարագան։ Ոչ բոլորն են, որ կը գիտակցին, թէ այդպիսի հարց կայ եւ ոչ բոլորն են, որ կ՚ընդունին, թէ հայերէն լեզու պահպանելը առաջնային խնդիր մըն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018