ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՆԵՁՕՆ
Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի համանուն հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորին շնորհանդէսը անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանին մէջ։ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի այս հատորը 842 էջէ կը բաղկանայ ու կ՚ընդգրկէ աւելի քան քառասուն հեղինակի յօդուած։ Բովանդակութեան մէջ ընդգրկուած են հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Գլխաւոր խմբագիր՝ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանի հսկողութեամբ պատրաստուած այս հատորը ձօնուած է հոգելոյս Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի յիշատակին։ Ծանօթ է, որ Կռանեան եղած էր նախորդ հատորներու պատասխանատու խմբագիրը։
«Հայկազեան» համալսարանի այս հայագիտական հանդէսը լոյս կը տեսնէ 1970 թուականէն ի վեր։ 1991-էն ի վեր ցայսօր իւրաքանչիւր տարի կը հրատարակուի մէկական հատոր։ Սա սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հայատառ միակ հայագիտական տարեգիրքն է, որ արեւմտահայերէն դասական ուղղագրութեամբ կը հրատարակուի։ Հանդէսին մէջ տեղ կը գտնեն հայոց պատմութեան ու մշակոյթին վերաբերալ գիտական յօդուածներ, անտիպ փորձագրական նիւթեր ու գրախօսականներ։
Այսօրուան մեր Գ. էջին վրայ կը ներկայացնենք Մատենադարանի թանգարանային համալիրի տեսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած շնորհանդէսին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ՝ թերթիս Երեւանի թղթակից Անուշ Թրուանցի ստորագրութեամբ։