ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ԿՈՒԹԵՐԷՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։ Դռըն-փակ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու Նիւ Եորք մեկնած էր մասնակցելու համար Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 8-րդ համաշխարհային ֆորումին։ Այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարին հանդիպումը ընդհանուր քարտուղարին հետ։ Կութերէսի բանբերը՝ Ստեֆան Տիւճարիք հանդիպումէն վերջ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ տեսակցութեան շուրջ։ Ան յայտնեց, որ օրակարգի վրայ եկած են Եմէնի եւ Կիպրոսի խնդիրները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը։ Չավուշօղլու եւ Կութերէս անդրադարձած են նաեւ սէուտցի լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի ոճրագործութեան։ Կութերէսի բանբերը նշեց, որ միջազգային հետաքննութեան մը ձեռնարկելու համար ընդհանուր քարտուղարը կարիքն ունի լիազօրուելու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018