ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա, երէկ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի կողմէ։ Քաթարի էմիրի դիւանէն ներս տեղի ունեցած պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն վերջ Արմէն Սարգսեան եւ Քաթարի էմիրը քննարկեցին երկու երկիրներու համագործակցութեան հեռանկարները։

Բացի էմիրին հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն, Արմէն Սարգսեան Քաթարի պետական աւագանիէն այլ բարձրաստիճան դէմքերու հետ ալ քննարկեց համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները յառաջիկային առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան պիտի կարողանան մուտք գործել Քաթար։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019