ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Սարըեէրի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Grand Tarabya պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ մօտալուտ Ամանորի առթիւ ընթրիք մը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքոյթները։ Թէեւ տակաւին երկար ժամանակ մը կայ Ամանորին, սակայն Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձեւով մը մասնակիցները վաղաժամ տրամադրեց մօտալուտ տօնական շրջանին համար։ Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի տանտիրութեամբ այս տարուան ընթրիքի սեղանին ալ հրաւիրուած էին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական ներկայացուցիչները։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, որ բարեմաղթութիւնով ողջունեց ներկաները։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի հանդիսավարութեամբ։ Բացի Էքրէմ Իմամօղլուէն, ողջոյնի խօսքերով ներկաներուն դիմեցին նաեւ Շիւքրիւ Կենչ, Սարըեէրի գաւառապետ Մեհմէտ Էօզէր եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Պաշտօնատարները ելոյթներու ժամանակ կանգ առին ժողովրդավարութեան կարեւորութեան վրայ ու միեւնոյն ժամանակ ժողովրդավարութիւնը կարեւոր երաշխիք մը համարեցին փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ։

Յունաց պատրիարքին առընթեր ընթրիքին հրաւիրուած էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, ասորիներու Պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ  Վոսփորի շրջանի մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններէն ներկայացուցիչներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ակադեմականներ, դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019