ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի համաձայնութիւնը կանխած է հակամարտութեան գօտիէն ներս մարդասիրական աղէտի խորացումը, սակայն օրակարգի վրայ կը մնան բազում հարցականներ, որոնցմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ ներկայիս կը կատարուին բազմակողմանի դիտարկումներ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Քննարկուեցան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ մարդոց վերադարձը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկուստեք ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքներու լիարժէք վերականգնման կարեւորութիւնը։ Փաշինեան եւ Մաքրոն կարեւորեցին տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութեան պահպանումն ու իրավիճակի յետագայ լիցքաթափումը։ Հայաստանի վարչապետը այս առումով ընդգծեց Արցախի միջազգային ճանաչման հիմնարար նշանակութիւնը։ Քննարկուեցաւ վերջին շաբաթներու ընթացքին իրենց տունը լքած տասնեակ հազարաւոր մարդկանց անխափան եւ անվտանգ վերադարձի ապահովման հարցը։ Շեշտուեցաւ նաեւ Արցախի կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը։ Ֆրանսայի Ծերակոյտը յառաջիկայ շաբթուայ մէջ՝ նոյեմբերի 25-ին պիտի քննարկէ բանաձեւ մը, որ կը նախատեսէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը։ Այդ քննարկման նախօրէին, Փաշինեան Մաքրոնի հետ զրուցելու ընթացքին երէկ հերթական անգամ նշեց, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը հիմնարար նշանակութիւն ունի։

Փաշինեանի հետ զրուցելէ վերջ Մաքրոնն ալ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ եւ ընդգծեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է լիակատար աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան։

Երէկ, Հայաստանի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս վերջինը պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ շնորհաւորեց իր հայ պաշտօնակիցը։ Նոյն համատեսքին մէջ ընդգծուեցաւ փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներու մէջ՝ ներառեալ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Նախարարները խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան գործնական կիրառման եւ Արցախի ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։ Այվազեան եւ Լաւրով կանգ առին նաեւ Արցախէ եւ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրադրութեան վրայ։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են մարդասիրական կացութեան բարելաւման։ Լաւրով բացատրութիւններ տուաւ նաեւ նախօրէին Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։

Բաց աստի, Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։

Յետպատերազմեան իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ դիւանագիտական շփումները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ մշտական կապ գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ համակարգելու համար յետպատերազմեան կարգաւորումներու մասով աշխատանքները։ Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ հաղորդելու ժամանակ ընդգծեց, որ հակամարտ կողմերու հետ Մոսկուայի աշխատանքին մաս կը կազմէ՝ Արցախէ ներս սրբավայրերու եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանումը։ Բանբերը շեշտեց, որ այս հարցը յատուկ նշանակութիւն ունի Ռուսաստանի տեսակէտէ։

Տարածքաշրջանի դերակատարներն ալ իրադարձութիւններուն կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։ Դիւանագիտական երթեւեկի առանցքին կը գտնուի Մոսկուան, որ միջնորդ հանդիսացած է հրադադարին եւ համապատասխան համաձայնութեան վերաբերեալ հարցականներու պարագային ալ առանցքային դերակատարութիւն կը վիճակի իրեն։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յառաջիկայ երկուշաբթի՝ նոյեմբերի 23-ին պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Հրադադարի համաձայնութենէն վերջ ռուսական կողմը Հայաստանէ ներս տեղակայած է հինգ յաւելեալ սահմանակէտ, որոնց երկուքը կը գտնուի Նախիջեւանի հետ սահմանին, երկուքը՝ Իրանի հետ սահմանին եւ հինգերորդը՝ Տեղ գիւղի մօտ։ Հակամարտ կողմերուն սահմանակից Իրան ողջունած էր հրադադարը եւ յոյս յայտնած՝ թէ ան կայուն խաղաղութիւն կ՚ապահովէ Կովկասի համար։ Վերջին օրերուն Թեհրանէն կատարուած էին նաեւ յայտարարութիւններ, ըստ որոնց Իրանի տուեալներով՝ հակամարտութեան գօտիէն դուրս բերուած են վարձկանները։

Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Անոնք քննարկեցին հրադադարի յայտարարութեան իրագործումը։ Վերջին օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ հրադադարի համաձայնութեան կապակցութեամբ յաւելեալ բացատրութիւններու պահանջ օրակարգի վրայ բերուած էր Ռուսաստանի պարագային։ Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներ՝ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ որոշ չափով անհանգստութիւն յայտնած էին՝ ընդգծելով Արցախի կարգավիճակի յստակեցման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Լը Տրիանի հետ զրուցելու զուգահեռ Լաւրով երէկ խիստ յայտարարութիւններ ըրաւ Փարիզի եւ Ուաշինկթընի դէմ։ Ան ափսոսանք յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ Ֆրանսա «խոցուած ինքնասիրութիւն» կը դրսեւորեն, թէ ինչպէս կարգաւորուած է տագնապը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ըստ Լաւրովի, ամերիկացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցներուն հետ վերջին օրերուն ունեցած շփումներուն ժամանակ, ինչպէս նաեւ նախագահ Փութինի եւ Մաքրոնի շփումներուն մէջ ակնյայտօրէն նկատուած է խոցուած ինքնասիրութիւն, ինչ որ շատ ցաւալի է։ Լաւրովի խօսքով, Արցախի մէջ հրադադար հաստատելու յայտարարութիւնը մշակելու ժամանակ Մոսկուա չէ ձգտած քաղաքական միաւորներ հաւաքել։ Ռուս նախարարը մանրամասնեց, որ պատերազմական իրավիճակի պայմաններով, վայրկեաններու մէջ բազում կեանքեր կը կորսուէին։ Ուստի, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ հեռաձայնելու եւ համաձայնելու նման պահանջներ ներկայացնելը ճիշդ չէ մարդկային բարոյականութեան տեսակէտէ։

Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս եւ ֆրանսացի նախարարները հեռախօսազրոյցի ընթացքին կարեւորած են հրադադարի ապահովումը։ Անոնք համաձայն գտնուած են, որ ներկայիս հիմնական գերակայութիւններն են՝ տեղահանեալ անձերու եւ փախստականներու անվտանգ վերադարձը, տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական եւ փոխադրական բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումը։ Փարիզ թէեւ վերջին օրերուն յայտարարութիւններ ըրած է Արցախի ապագայ կարգավիճակի յստակեցման անհրաժեշտութեան շուրջ, սակայն, ըստ երեւոյթին, Լը Տրիան այս խնդիրը չէ արծարծած Լաւրովի հետ զրուցելու ժամանակ։

Ռուս նախարարը աւելի վերջ յայտարարեց նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը կ՚աջակցի Մոսկուայի կողմէ կատարուածին։ Իր խօսքով՝ Սուրիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ այլ վայրերու պարագային ամենակարեւոր նպատակն է բախումներու եւ ճգնաժամերու չաւրուիլը։

ԵՄ-Ի ԿՈՉԸ

Եւրոմիութիւնը որոշած է արտակարգ օգնութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով տուժած բնակչութեան։ Եւրոյանձնաժողովի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այդ օգնութիւնը 3 միլիոն եւրօ պիտի արժէ։ Հոկտեմբերի սկիզբին Եւրոմիութիւնը 9 հարիւր հազար եւրօ յատկացուցած էր, իսկ ներկայիս այդ գումարին վրայ կու գայ աւելնալ եւս 3 միլիոն եւրօ։ Այդ գումարները պիտի ծախսուին պատերազմի հետեւանքով առաւել տուժած քաղաքացիական անձերու կենսական անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու համար։

Մինչ այդ, ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ քաղաքական բանակցութիւնները։ «ԵՄ կը կարծէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, անհրաժեշտ է վերսկը-սիլ ջանքերը», յայտարարեց Պորել, որ կոչ ուղղեց նաեւ, որպէսզի հակամարտութեան գօտիէն դուրս բեր-ւին բոլոր օտար գրոհայինները։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանի դերակատարները ձեռնպահ պէտք է մնան բոլոր տեսակի գործողութիւններէ կամ հռետորաբանութենէ, որոնք կրնան սպառնալիքի տակ դնել հրադադարը։ Միեւնոյն ժամանակ, Պորել շեշտեց, որ ԵՄ մտադիր է ուշադրութեամբ հետեւիլ հրադադարի մասին համաձայնութեան դրոյթներու կատարման՝ յատկապէս Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի վերահսկման աշխատանքին։

ԵՄ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ ալ տեղ գտաւ յայտարարութիւն մը, որով ողջունուեցաւ հրադադարի հաստատումը։ ԵՄ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ շարունակել խստօրէն հետեւիլ հրադադարի դրութեան կանխելու համար մարդկային նոր կեանքերու կորուստը։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ եւ շրջակայքէն ներս մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան կառոյցներու պահպանման եւ վերականգնման կարեւորութիւնը։ Բաց աստի, շեշտուեցաւ, որ պէտք է հարցաքննուին պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած բոլոր ռազմական յանցագործութիւնները։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԸ

Մինչ այդ, հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, հակամարտութեան գօտիէն ներս գործնականօրէն կ՚ամրապնդուի Թուրքիոյ ներկայութիւնը։ Ռուսական կողմը թէեւ օրերէ ի վեր կը պնդէ, որ դաշտի վրայ այդ դերը շատ սահմանափակ պիտի ըլլայ, սակայն իրադարձութիւնները գործնականօրէն բոլորովին այլ պատկեր մը կը պարզեն։ Անգարա նպատակասլաց քայլերով կը յառաջանայ՝ միշտ սերտօրէն համագործակցելով Պաքուի հետ։ Զանազան աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Թուրք զինեալ ուժերը կը տեղակայուին Ատրպէյճանի տարածքէն ներս՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի՝ այդ երկրի վերահսկողութեան տակ անցած բոլոր շրջանները։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը ներկայացնեն տեսանիւթեր, որոնք կը ցոլացնեն դրուագներ՝ Ատրպէյճանի զինուորներու կողմէ նուաճուած տարածքներէ ներս թրքական դրօշակի պարզուիլը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020