«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉԷ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ներկայիս Սիւնիքի մարզէն ներս կը ձեռնարկէ շարք մը ծրագրերու, որոնց նպատակն է համայնքային, կրթական եւ ընկերային նշանակութեամբ շարք մը խնդիրներու լուծումը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ սկսած են այս ծրագրերը։ Հիմնադրամի աշխարհասփիւռ գործընկերներուն միջոցաւ՝ առաջին փուլին Սիւնիքի շարք մը բնակավայրերէն ներս կը տեղադրուին արեւային ջրատաքացուցիչներ։

Պատերազմէն յետոյ սահմանամերձ դարձած Շուռնուխ գիւղը տնտեսապէս անկում ապրած է։ Ան միացած չէ կազամատակարարման ցանցին, իսկ ելեկտրականութենէ օգտուելու համար ալ գիւղացիներու պայմանները չեն բաւարարեր։ Արեւային ջրատաքացուցիչներուն շնորհիւ՝ գիւղացիները ջուր տաքցնելու համար այլեւս կարիք պիտի չունենան փայտ վառելու։ Այստեղ արեւային ջրատաքացուցիչներով կ՚ապահովուին գիւղի բոլոր ընտանիքները։ Ելեկտրական ուժի նման խնայողութիւնը էապէս կը թեթեւցնէ գիւղացիներու հոգսաշատ առօրեան։

Այսուհետ Խոզնաւար գիւղը եւս կ՚օգտուի արեւային ուժանիւթէ։ 33 բնակարանի պարագային արդէն տեղադրուած են արեւային ջրատաքացուցիչներ։ Աշխատանքները կը շարունակուին։ Հանրային նշանակութիւնով կառոյցներու պարագային ալ նախատեսուած է արեւային կայաններու տեղադրումը։ Արաւուս, Դաւիթ Բէկ եւ Ճակատեն համայնքները եւս կ՚օգտուին նման հնարաւորութիւններէ։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը զուգահեռաբար առանձնակի ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ Սիւնիքի մարզի համայնքներու առաջնային խնդիրներուն։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը, Սիւնիքի մարզ այցելելով առաջարկած էր ներկայացնել տեղեկութիւններ համայնքներու առաջնային խնդիրներուն շուրջ։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնած էր հնարաւորութեան սահմաններուն ներքեւ աջակցիլ անոնց լուծման։

Քննարկումներու լոյսին տակ շարք մը խնդիրներու լուծման նպատակով կազմակերպուած էր յատուկ նախագիծ մը, որ կեանքի կը կոչուի փուլ առ փուլ՝ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համատեղ ուժերով։ Կը գործադրուին բոլոր ջանքերն ու կը ներդրուին բոլոր միջոցները՝ Սիւնիքի խնդիրները թեթեւցնելու համար։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաքելութիւնն է ձեւաւորել համահայկական ցանցային համակարգ մը, որու նպատակն է Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհահասփիւռ հայ համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումը՝ հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021