ԹԻՖԼԻԶԷՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը հրաժարի՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին մասնակցելէ։ Վրաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ, թէ Թիֆլիզ պիտի չմասնակցի այդ նախաձեռնութեան։ Զալքալիանի ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութիւններու ընթացքին եւս յայտնած է այս մասին։ Վրացական կողմը այս կապակցութեամբ տեղեակ պահած է նաեւ Երեւանը։ Ըստ նախարարին՝ Թիֆլիզի առաջնահերթութիւնն է հաւասարակշռուած, փոխադարձ շահաւէտ տարածաշրջանային քաղաքականութիւն մը վարել հարեւան երկիրներուն հետ։

«3+3» ձեւաչափը մերժելու զուգահեռ՝ Թիֆլիզ Պաքուին եւ Երեւանին առաջարկած է բանակցութիւններու իր տարբերակը։ Վրացական կողմը այս եռեակի շրջանակներուն մէջ բանակցութիւններու ձեւաչափ մը ստեղծելու նախաձեռնութեան մը հետամուտ է։ Այդ նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններով Անդրկովկասէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութիւն ստեղծել։ Ըստ իրեն, Թիֆլիզ պէտք է հարթակ դառնայ տարածաշրջանի երեք երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան համար։ Ըստ Զալքալիանիի, Թիֆլիզ յաւակնութիւններ ունի առաջարկելու հարեւան երկիրներուն՝ մասնակցիլ տնտեսական նախագիծերու, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան թուլացման ու երկարաժամկէտ հեռանկարով խաղաղութեան հաստատման։

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի այս տարուայ նստաշրջանի բացման օրակարգի վրայ բերած էր «Խաղաղ հարեւանութեան նախաձեռնութիւն» մը, որ հետամուտ էր Սեւ ծովու տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ապահովման։ Զալքալիանի դիտել տուաւ, որ այդ մէկը կրնայ իրավիճակը հանգստացնել նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021