ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դեկտեմբերի 15-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ, ուր պիտի գտնուին մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ սա պիտի ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երկրորդ հանդիպումը։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ջանքերով նախատեսուած է այս տեսակցութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի առաջին տարելիցի շրջանին, ներկայ ամսուայ սկիզբին, օրակարգի վրայ կը գտնուէր Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մը հաւանականութիւնը Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Այդ հաւանականութիւնը չէ իրականացած եւ այժմ սպասուած այս ժամադրութեան վայրը պիտի ըլլայ Պրիւքսել։

ԵՄ-ի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Շարլ Միշել երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ՝ շարունակելու համար այս շաբաթ աւելի առաջ տեղի ունեցած քննարկումները տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին եւ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի նախապատրաստութիւններու համատեսքին մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, առաջարկած է Պրիւքսելի մէջ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս հանդիպում մը։ Առաջնորդները համաձայն գտնուած են՝ Պրիւքսելի մէջ քննարկելու համար տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը եւ լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները յանուն կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի։ Բաց աստի, Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայն գտնուած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ կապ մը ստեղծել՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով՝ որպէս դէպքերու կանխարգիլման դրութիւն։

Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ դիւանագիտական երթեւեկը այս շրջանին միշտ կը մնայ բանուկ։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս առթիւ շօշափուեցան տարածաշրջանային առկայ խնդիրները։ Լաւրով երէկ օրուայ ընթացքին խօսած էր Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ եռակողմանի հանդիպման մը կազմակերպման հաւանականութեան մասին։ Ան նշած էր, որ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է երեք կողմերու քոնսենսիւսը։ Իր այս յայտարարութենէն ժամեր անց Պրիւքսելի աղբիւրները տեղեկացուցին Փաշինեան-Ալիեւ նոր ժամադրութեան մասին։

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ ողջունեց Մոսկուայի ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Անն Լինտէ այս մասին յայտնեց Սերկէյ Լաւրովին, որու կողմէ երէկ ընդունուեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Ան ողջունելի նկատեց նաեւ ռուսական կողմի ջանքերը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը հասնելու նպատակով։ «Մենք կը խօսինք, թէ ինչպէս կրնանք միասին աշխատիլ շինիչ լուծումներու ուղղութեամբ՝ կարգաւորելու համար տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, որոնց շարքին է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը», ըսաւ Լինտէ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդն ալ ժողով մը գումարեց մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան, որ խօսեցաւ նաեւ սահմանի վերջին բախումներուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի այս յարձակողական քաղաքականութիւնը ծնունդ կ՚առնէ նաեւ միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքէն։ Պապիկեան վերահաստատեց հայկական կողմի աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նկատմամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021