ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԻ ՀԵՏ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի վարիչներէն Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճը եւ Վարդան Մառանճը երէկ այցելութիւն մը տուին Կարմիր մահիկի Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմէտ Ուղուրէլլիին։ Զրոյցի ընթացքին անոնք առաջին հերթին փոխանցեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։ Ապա անոնք տեղեկութիւններ տուին 2020 թուականի մարտին կազմակերպուած յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն շուրջ։ Այս առթիւ մասնաւորապէս շեշտեցին, որ յանձնախումբը այդ օժանդակութիւնները նուիրական առաքելութիւն մը կը համարէ, որովհետեւ մօտաւորապէս 700 ընտանիք դարձած է նպաստընկալ։ Իր կարգին, Մեհմէտ Ուղուրէլլին ալ Կարմիր մահիկի գործունէութեան եւ առաջնորդուած սկզբունքներուն անդրադառնալէ վերջ, պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի աշխատանքներուն նպաստելու ուղղութեամբ։

Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճը եւ Վարդան Մառանճը գիրք մը նուիրեցին Մեհմէտ Ուղուրէլլիին, որ փոխադարձեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյններուն եւ յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբի աշխատանքին համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021