ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՇԱՀԱՒԷՏ

Պաքուի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները միշտ արծարծուած կը պահեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը Պաքուի կողմէ կը համարուի բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ։ «Ատրպէյճանի համար այդ միջանցքը կարեւոր է, որովհետեւ այդ մէկը կապ կ՚ապահովէ երկրի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Հայաստան, իր հերթին, հնարաւորութիւն կը ստանայ վերջ տալու տարածաշրջանէն ներս մեկուսացման։ Թուրքիա կ՚աջակցի այս միջանցքի բացման, իսկ Ռուսաստան յայտնած է իր շահագրգռութիւնը։ Միջանցքի բացումը կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն», ըսաւ ան։

Էմիրպէյովի խօսքով՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը նաեւ Ասիա-Եւրոպա այլընտրանքային ուղի մը կրնայ դառնալ։ Հետեւաբար, սա կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024