ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՒ ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆ ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՌԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն վերջ կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին գտնուած է։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ռիոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլիքընի հետ։ G20-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին կողմերը ընդգծեցին Հարաւային Կովկասէ ներս արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ֆիտան եւ Պլինքըն կարճ ժամանակ առաջ ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, որմէ վերջ ալ տեղեկացուած էր, որ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման գործընթացին։
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն շօշափեցին նաեւ Կազզէի իրավիճակը, Լիբանանի հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։