ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Վրաստանի Ներքին գործոց նախարար Կիորկի Մըկէպրիշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հետ։ Այցելութեան ծիրէն ներս Մըկէպրիշվիլի ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Մըկէպրիշվիլին եւ կարեւորեց անոր այցելութիւնը՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի ոստիկանական կառոյցներու միջեւ ձեւաւորուծ արդիւնաւէտ ու սերտ համագործակցութիւնը խորացնելու, արդի մարտահրաւէրներուն համատեղ ուժերով դիմակայելու տեսանկիւնէն։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ ստորագրուած նոր հռչակագիրն ալ պիտի բնորոշուի արդիւնաւէտութեամբ։ Ըստ Սարգսեանի, Հայաստանն ու Վրաստանը միայն բարեկամ պետութիւններ չեն, այլ ունին դարաւոր բարիդրացիական կապեր եւ բարեկամութեան ամրապնդման նպատակով անհրաժեշտ է աշխատիլ շարունակաբար։
Սարգսեան եւ Մըկէպրիշվիլի համակարծիք գտնուեցան, որ յատկապէս վերջին տարիներուն երկկողմանի քաղաքական երկխօսութիւնը կը զարգանայ աշխոյժ։ Այդ աշխուժութեան կը նպաստեն զանազան մակարդակներու, այդ շարքին իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւններուն շփումները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն շինիչ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ քննարկելու օրակարգային այն հարցերը, որոնք կողմերու հետաքրքրութեան առարկայ էին։
Մըկէպրիշվիլի զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեանին փոխանցեց Վրաստանի Նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի ջերմ ողջոյնները։ Ան գոհունակութեամբ մատնանշեց հայ գործընկերներուն հետ ձեւաւորուած փոխադարձ օգտակար եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։